
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւան քաղաքի զարգացման ծրագիրներու ծիրին մէջ մայրաքաղաքին մէջ կը շարունակուին բարեկարգուիլ, կանաչապատուիլ ու կահաւորուիլ բակային տարածքները: Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան կատարած հերթական աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան բնակիչներուն հետ հանդիսաւոր բացումը կատարած է նոր, յարմարաւէտ ու խաղերով կահաւորուած բակերուն: Քաղաքապետը շրջագայած է բակերուն մէջ, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն եւ զրուցած բնակիչներուն հետ:
Միքայէլեան 70, 74 եւ 76 շէնքերու բնակիչներուն համաձայն, համալիրի բարեկարգուած բակը անխնամ վիճակի մէջ էր խորհրդային տարիներէն։ Բարեկարգման ծրագիրով ամբողջութեամբ փոխուած են եզրաքարերը, սալապատուած են ճեմուղիները, տեղադրուած են նստարաններ, զրուցարաններ, փոքրիկներու համար յարմարաւէտ ժամանակակից խաղալիքներ եւ խաղալու սարքեր։
Ա. 1 թաղամասի Շերամի 53 շէնքի բակի բնակիչները եւս իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են Տարօն Մարգարեանին՝ ընդգծելով, որ երկար տարիներ սպասած են, որպէսզի իրենց զաւակներուն համար խաղալու հրապարակ ու միաժամանակ հանգիստի գօտի ունենան՝ աւելցնելով, որ այդ երազը արդէն իրականութիւն դարձած է։ Երեւանի քաղաքապետը բնակիչներուն առաջարկած է մասնակից դառնալ Երեւանի բարեկարգման ու գեղեցկացման նպատակով քաղաքապետարանին կողմէ ի գործ դրուած նախաձեռնութիւններուն: «Մեր առաջին խնդիրը հէնց այն է, որ բնակիչը եւս մասնակից դառնայ մեր ծրագրերին, քանի որ այդ դէպքում նրանք շատ աւելի մեծ պարտաւորուածութիւն կը զգան կատարածը պահպանելու հարցում: Եւ շատ գովելի է, որ մենք արդէն բոլոր վարչական շրջաններում հէնց այդ մօտեցումն ենք արձանագրում: Մեր համաքաղաքացիներն իրենց անմիջական մասնակցութիւնն են ունենում ինչպէս շինարարական, այնպէս էլ բարեկարգման աշխատանքներում», նշած է Տարօն Մարգարեան:
Ա. 3 թաղամասի Անդրանիկի 45 շէնքի բակը եւս նորոգուած եւ բարեկարգուած է: Ամիսներ առաջ ամայի ու անխնամ վիճակի մէջ եղող տարածքին փոխարէն այսօր վառ գոյներով ձեւաւորուած բակ կայ, որ շէն է խաղացող բազմաթիւ փոքրիկներով: «Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանում եւս բակային տարածքների հիմնական մասը կառուցուել է նախկինում բնակիչների կողմից ինքնակամ զբաղեցրած բոստանային տարածքների տեղերում: Եւ որ կարեւոր է, բնակիչներն իրենց ձեռքով են քանդել այդ բոստաններն ու տարածքները սիրով տրամադրել են բակի բոլոր բնակիչների համար հանգստի կազմակերպման յարմարաւէտ գօտի դարձնելու համար», ընդգծած է Տարօն Մարգարեան:
Անդրանիկի 45 շէնքի բակին մէջ խաղահրապարակի բացման յաջորդած է նաեւ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին այդ թաղամասէն զոհուած 21 ազամարտիկներուն նուիրուած յուշարձանի հանդիսաւոր բացումը, որուն պատիւը վերապահուած էր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին:
Շնորհաւորելով Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանի բոլոր բնակիչները՝ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ բակերու բարեկարգման աշխատանքները շարունակական են, եւ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին բարեկարգուած ու յարմարաւէտ պիտի ըլլան երեւանեան բոլոր բակերը: