ՋԱՒԱԽՔ.- Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ սկսած են մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել բնական աղէտին պատճառով վնասներ կրած ընտանիքներուն։ Տարածաշրջանէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, 19 Յուլիսին տեղացած զօրաւոր ու անդադար կարկուտին եւ յառաջացած ջրհեղեղին իբրեւ հետեւանք 5403 տնտեսութիւն տուժած է, 2146 հեկտար երկրագործական ցանուած հող վնասուած է:
Վրացական apsny.ge կայքէջին համաձայն այս հանգրուանին բնակիչներուն կը տրամադրուի անհրաժեշտ մթերքը: Օգնութեան պարկին մէջ կայ 2 տոպրակ ալիւր, 3 լիթր ձէթ եւ 10 քիլոկրամ «մաքարոն»: Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ օգնութիւն պիտի ստանան 5403 ընտանիքներ. Ախալցխայի շրջանին մէջ՝ 3356, Ասպինծայի մէջ՝ 496, Ախալքալաքի՝ 776, Նինոծմինտայի՝ 738: