
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան որոշումով՝ թրքական դասագիրքերէն վերցուած են հայերու, ասորիներու եւ փոքրամասնութիւններու դէմ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սերմանող որոշ բաժիններ եւ նկարագրականներ՝ տեղի տալով այդ կապակցութեամբ ներկայացուած բողոքներուն:
Նախարարութեան ներկայացուած էին զանազան բողոքներ, որոնց մէջ կը շեշտուէին, թէ դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած նիւթերը երեխաներու մօտ փոքրամասնութեանց նկատմամբ խտրականութիւն եւ ատելութիւն կը սերմանեն: Օրինակի համար, թրքական դպրոցներու 8րդ դասարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած աւարտական քննութեան հարցարանին մէջ, հայերը, ասորիները եւ յոյները բնորոշուած են իբրեւ դաւաճաններ: Փոքրամասնութիւնները նաեւ ներկայացուած էին իբրեւ «կռնակէն հարուածող ապստամբներ», «Եւրոպայի կամակատարներ», ինչպէս նաեւ նուաստացուցիչ այլ բացատրութիւններով: