ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վիպագիր, բազմաթիւ շարժապատկերներու բեմագրութեանց հեղինակ Կոր Վիտալ, հաւանաբար աւելի շատ հռչակ շահած էր իբրեւ հրապարակագիր, հասարակական հարցերու վերաբերեալ հրաշալի բանաձեւումներով սուր մեկնաբանութիւններ կատարող մտաւորական:
Երկու օր առաջ մահացած Վիտալ ծանրակշիռ հեղինակութիւն էր ամերիկեան միջավայրին մէջ. անոր յանդուգն ու անկաշկանդ հարցազրոյցները ներշնչման աղբիւր դարձած են բնապահպանական դատերու պաշտպան թէ պատերազմներու հակադրուող բազում հասարակական գործիչներու:
Մեր ազգային փոքր ածուէն նայելով (ուզենք կամ չուզենք՝ ամէն հարց ու երեւոյթ մեր միջավայրէն մեկնելով պիտի դատենք ու գնահատենք)՝ Վիտալի նման յանձնառու, յեղափոխական, կաղապարուած գաղափարներու դէմ պայքարող մտաւորականին կերպարը առաւե՛լ կ՛արժեւորենք: Քաղաքական, հասարակական, ընկերային սուր խնդիրներով լի մեր ազգային իրականութեան մէջ, մենք յաճախ ողբացած ենք մտաւորական հեղինակաւոր ձայներու պակասը: Նաեւ ափսոսանքով նկատած ենք, թէ ինչպէ՛ս քիչ թէ շատ հեղինակաւոր դէմքեր, ստեղծագործական փայլքով յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւններ, նսեմացած են մեր աչքին՝ իրենց անհասկնալի լռութեամբ ու երբեմն ալ անբացատրելի՝ անողնահար դիրքորոշումներով:
Այսուհանդերձ, չենք կրնար անտեսել այն փաստը, որ այսօր մեր իրականութեան մէջ կան արժէքաւոր մտաւորականներ, արուեստագէտներ, որոնք պայքարի ճակատի վրայ են եւ մեր ազգը յուզող կարեւորագոյն խնդիրներուն վերաբերեալ քաջաբար կը բարձրացնեն իրենց ձայնը:
Այդ յանձնառու մտաւորականներու խումբը՝ որքա՛ն ալ սակաւաթիւ, որքա՛ն ալ հեղինակութեան անվիճելիութեան սահմանները տակաւին ըստ ամենայնի չնուաճած, կրնա՛յ հսկայական դերակատարութիւն ունենալ մեր ներկայ իրվիճակը բարեփոխելու պայքարին մէջ:
Մենք կը գնահատենք նման մտաւորականներու նպաստը եւ կը սատարենք անոնց բարոյական կշիռի բարձրացման (որուն կարիքը կրնան չունենալ եւ պէտք չէ ունենան անոնք):