ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիբանանեան-սուրիական սահմանի մօտերը առեւանգուած 22ամեայ սուրիահայ Յովսէփ Բալմանուկեանը ազատ արձակուած է։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Նազարէթ Էլմաճեանը: Անոր համաձայն, վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ բազմացած են հայերու, քիւրտերու եւ արաբներու առեւանգումները՝ անկախ անոնց կրօնական պատկանելութենէն։ Մինչ բանակն ու ապահովական ուժերը կեդրոնացած են երկրին մէջ ստեղծուած խառնակ վիճակը հակակշիռի տակ առնելու վրայ, աւելցած են նման դէպքերն ու առեւանգումները՝ փրկագին ձեռք ձգելու նպատակով։ Առեւանգողները հայ երիտասարդին ազատ արձակման համար պահանջած են 1 միլիոն սուրիական ոսկի, զոր ստանալէ ետք զայն վերադարձուցած են։
Բանակին մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութիւն կատարող քեսապահայ Խաժակ Աբէլեանի մասին 8 օրէ ի վեր ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ։ Ան կը ծառայէր Հալէպի մէջ։ Խաժակը ողբացեալ արձակագիր Ճորճ Աբէլեանի եղբօր տղան է: