ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Թուրքիոյ Ազգային ժողովի Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատգամաւոր, Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սինան Օհան «SalamNews»ին յայտարարած է, որ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու մէջ Ատրպէյճանին կ՛աջակցի։
«Պատերազմ ծագելու պարագային Ատրպէյճան ստիպուած պիտի չըլլայ օգնութիւն խնդրելու Թուրքիայէն կամ այլ պետութիւններէ. իսկ անցեալին կը պատկանի այն մօտեցումը, թէ Ռուսիան Հայաստանի նկատմամբ ռազմական եւ այլ բնոյթի օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ», նշած է Օհան:
Անոր համաձայն, «ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Հայաստանը պէտք է ապրին իրարու ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու երազներով, որովհետեւ հիմա Ատրպէյճանը նախկին թոյլ պետութիւնը չէ, եւ համաշխարհային հանրութիւնը նոյնպէս պիտի չլռէ»: «Պատերազմ սկսելու պարագային ո՛չ Ատրպէյճանը, ոչ ալ Թուրքիան պիտի արտօնեն, որ Ռուսիան Հայաստանին օգնէ։ Եթէ Ռուսիան Հայաստանին ռազմական օգնութեան հասնի, այդ մէկը հակամարտութեան մէջ պիտի ներգրաւէ ո՛չ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ Ռուսիան եւ այլ երկիրներ։ Հակառակ ասոր, եթէ Ռուսիա ուզէ օգնել Հայաստանին, թող օգնէ, բայց նոյն ատեն թող չմոռնայ, որ պատերազմը ծանր կացութեան դէմ յանդիման պիտի դնէ նոյնինքն Ռուսիան», դիտել տուած է Օհան։
Միւս կողմէ, Սինան Օհանի այս յայտարարութիւններուն մասին ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէն Կոնստանթին Զատուլինը «Փան Արմինիըն»ի թղթակիցին յայտնած է, որ թուրք պատգամաւորը նման յայտարարութիւններ կատարելու համար պէտք է մտային հարցեր ունեցած ըլլայ։
«Հայաստանն ու Ռուսիան ռազմավարական գործընկերներ են: Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանը պարտքեր չունի: Նորութիւն է այն, որ Թուրքիան կը պատրաստուի միջամտելու ղարաբաղեան հակամարտութեան», դիտել տուած է ան։
Ըստ անոր, եթէ Թուրքիան այսպիսով կը յայտարարէ, որ կը պատրաստուի նման դէպքի մը միջամտելու, ուրեմն իրավիճակը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի։ «Նման բան մը պիտի ստիպէ ո՛չ միայն Ռուսիան, այլ նաեւ այլ երկիրներ փոխելու իրենց ծրագիրները եւ համապատասխան եզրակացութիւններու յանգելու»։
«Արդեօք Ատրպէյճան կը պատրաստուի՞ Ղարաբաղի վրայ յարձակելու: Հաւանաբար Ատրպէճան երբեմն-երբեմն նման յայտարարութիւններ կը կատարէ, սակայն աւելի ուշ կը հրաժարի, որովհետեւ բանակցային կողմ է», աւելցուցած է Զատուլինը:
Ըստ անոր, եթէ նման յայտարարութիւններ ընելով Թուրքիա «կը բանայ խաղաքարերը եւ ըսածէն աւելի բաներ գիտէ», ուրեմն ասիկա «համաշխարհային գայթակղութիւն է»։