Արեւմտեան Ամերիկայի Ազգային առաջնորդարանի դիւանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, այս Կիրակի, 12 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Ս. պատարագի ընթացքին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Սուրիոյ խաղաղութեան ու գաղութի հայութեան ապահովութեան համար։
Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ իրադարձութիւնները ու յատկապէս Դամասկոսի ու Հալէպի վիճակը դէպի վատթարացում ընթացան վերջին շաբաթներուն, եւ ընդհանուր բնակչութիւնը պատուհասելու առընթեր, մարդկային ու նիւթական ծանր հետեւանքներ ունեցան նաեւ հայ համայնքի զաւակներուն վրայ։
Արդ, առաջնորդարանի դիւանը կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդին, որ այս աղօթքին մասնակցելով՝ զօրակցութիւն արտայայտէ Սուրիոյ մեր գաղութի զաւակներուն։ Յառաջիկայ օրերուն, կը նախատեսուին զօրակցական այլ նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին մեր հաւատացեալ ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահուի ատենին։
Արդ, թեմի ժողովուրդը կը հրաւիրուի, որ Կիրակի օր եկեղեցի երթալով՝ աղօթակցութեամբ խնդրամատոյց ըլլայ Բարձրեալին, ի խնդիր Սուրիոյ ու հայութեան տագնապներու փարատումին։