ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Օգոստոս 10ին, Ատրպէյճան ժամանած է Ռուսիայէն Պաքուի գնած «Mi-35 M» տիպի ռազմական ուղղաթիռներուն մէկ մասը, որ արտադրուած է ռուսական «Ռոսվերթոլ» ընկերութեան կողմէ:
Պաքու Ռուսիոյ հետ 2010ին համաձայնագիր կնքած էր՝ գնելու համար արդիական այս ուղղաթիռներէն 24 հատ, եւ Ուրբաթ օրուան նշեալ ժամանումով՝ ցարդ ռուսական կողմը Ատրպէյճանի յանձնած է 12 ուղղաթիռներ միայն: Այս ուղղաթիռները կարողութիւն ունին նոյնիսկ զրահապատ ռազմական փոխադրակառքեր քանդելու եւ օժտուած են արդիական սարքաւորումներով: