ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Վերջին տասը տարուան ընթացքին, Ատրպէյճան զգալի քայլերու ձեռնարկած է ռազմական օդանաւերու շարքը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
«Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը, հիմնուելով ՄԱԿի տեղեկատուութեանց վրայ՝ ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ պարզած, թէ 2001-2011 տարիներուն, Պաքու համալրած է իր ուժերը մարտական նոր օդանաւերով, ուղղաթիռներով ու անօդաչու սարքերով:
Նշեալ տարիներուն ընթացքին, Ատրպէյճան տարբեր երկիրներէ գնած է 47 մարտական օդանաւեր եւ 109 ուղղաթիռներ: Անոնց կողքին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը համալրուած են աւելի քան 30 անօդաչու թռչող սարքերով:
Ատրպէյճան ռազմական օդանաւեր գնած է չորս երկիրներէ՝ Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Պելոռուսէն եւ Վրաստանէն: Ուղղաթիռները գնուած են Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն, իսկ անօդաչու օդանաւերը՝ Իսրայէլէն եւ Իսրայէլի հետ գործակցող ատրպէյճանական ձեռնարկութենէն: