
Ըստ երեւոյթին, Արցախի ջուրի հարցերը աստիճանաբար կը լուծուին։ Քարինտակը այն եզակի բնակավայրերէն է, ուր ջրամատակարարման խնդիրը այս կամ այն չափով լուծուած է քանի մը անգամ, տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր արդիւնքներով, բայց եւ այնպէս վերջնական լուծում չէ տրուած։
Քարինտակցիները տաս-նամեակներ շարունակ մտահոգուած են ջուրի խնդիրով, որ սկզբունքով պէտք է լուծուէր 2000 թուականին: Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան աջակցութեամբ ջուրը գիւղ հասցուեցաւ, կառուցուեցաւ ներքին ցանցը, սակայն ուրախութիւնը կատարեալ չէր: Մետաղեայ խողովակներուն կարգ մը բաժիններ ստորերկրեայ չէին, այդ պատճառով ալ եղանակային սառեցումէն կարելի չէր խուսափիլ, նաեւ ջուրի մատակարարումը բաւարար չէր, ուստի գիւղացիները կ՛ապաւինէին գիւղի աղբիւրներուն։
Քարինտակցիներու բազմաթիւ սերունդներու անկատար երազը կրնայ իրականանալ ԼՂՀի կառավարութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միացեալ ջանքերով: 149 միլիոն դրամ արժողութեամբ ծրագիրը գործադրեց «Պառեկս գազ» ընկերութիւնը, որ հետագայ բարդութիւններէն խուսափելու համար ջրագիծերը պէտք եղած խորութեան վրայ զետեղած է։
Աշխատանքներուն բնականոն ընթացքին դիմաց խոչընդոտ կը հանդիսանայ շրջանին լեռնային բնոյթը, աշխատանքները բաւական դանդաղ են, սակայն կ՛ընթանան, եւ գիւղացիներն իսկ լծուած են աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ այս հարցը հիմնովին լուծել։