ԵՐԵՒԱՆ, «eMedia.am».- 13 Օգոստոսին գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան հանդիպում ունեցած է վերամշակող եւ արտածող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Վերջին հանդիպումին՝ նախարարին թելադրանքները նկատի ունենալով, անոնք հաստատած էին, որ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի գիւղացիներուն բերքը կարելի ըլլայ սպառել։
Ներկայի իրավիճակին մասին խօսելով՝ նախարարը դիտել տուած է. «Ցաւօք, մթերման ծաւալների ստանձնած պարտաւորութիւնները բոլոր ձեռնարկութիւնները չէ, որ պահպանում են: Նման պայմաններում դեղձի եւ լոլիկի մթերումների հիմնական ծանրաբեռնուածութիւնը մնում է մի քանի ընկերութեան վրայ: Դա լուրջ մտահոգութիւնների առիթ է: Այսօր, երբ մենք փորձում ենք ըստ ամենայնի կանգնել գիւղացու կողքին, ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարումը ուշացնող կամ ձախողող կազմակերպութիւնների պատճառաբանութիւններն անհիմն են: Մանաւանդ, որ բազմակողմանի օժանդակութեան հարցերով մենք այսօր էլ պատրաստ ենք համագործակցել նրանց հետ»:
Ապա տեղի ունեցած անկեղծ երկխօսութեան եւ նախարարի հիմնաւորուած խրատներէն մեկնելով՝ խորհրդակցութեան մասնակիցները պարտաւորութիւն ստանձնած են յառաջիկայ քանի մը օրերուն գործնական միջոցներու ձեռնարկելու՝ պտուղ-բանջարեղէնի, մասնաւորապէս դեղձի եւ լոլիկի մթերման եւ արտածման իրենց ստանձնած աշխատանքները լիուլի կատարելով։