ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կարս նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Հաքան Տողանայ հերքեց թրքական մամուլին մէջ հրատարակուած այն լուրերը, թէ Հայաստանի քարահանքերուն մէջ կատարուած պայթումները վնաս կը պատճառեն Անիի աւերակներուն։ Տողանայ յայտնեց, թէ այս լուրը ճշմարտութեան չի համապատասխաներ եւ վստահեցուց, թէ հայկական կողմը 2006էն ի վեր դադրեցուցած է քարահանքերուն մէջ ուժանակ )տինամիթ) պայթեցնելու գործողութիւնը։
Թուրքիոյ մամուլին մէջ յաճախ կրկնուող յանկերգ է, թէ Հայաստանի կողմը անտարբեր է Անիի աւերակներուն նկատմամբ, ու սահմանամերձ հանքերու մէջ ուժանակ պայթեցնելով՝ կը վնասէ Անիի աւերակներուն։ Հիմա ամէնէն հեղինակաւոր դէմքէն կը յայտարարուի, թէ հայաստանցիները հաւատարիմ մնացած են 2006ին ստորագրուած միջազգային համաձայնութեան, ըստ որուն՝ անոնք ուժանակ պիտի չգործածեն սահմանամերձ հանքերու մէջ։
Տողանայ աւելցուց, որ Անին հայերու համար սրբազան ու պատմական ժառանգութիւն մըն է, ուստի հայերը հաւատարիմ կը մնան համաձայնութեան ու ուժանակ չեն պայթեցներ։ «Ճիշդ է, որ 2006էն առաջ Անիի աւերակները վնասուեցան ուժանակներու հետեւանքով, բայց հիմա այդպիսի բան չկայ։ Մշակութային բոլոր ժառանգութիւնները համաշխարհային են. ինչպէս մենք տէր կը կանգնինք պատմական հնութիւններուն, մեր դրացիներն ալ տէր պիտի կանգնին մշակութային հետքերու։ Անիի մէջ բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ ապրած են ու այս քաղաքակրթութիւններէն մնացած են կարեւոր հնութիւններ։ Մեր մշակոյթի նախարար Կիւնայն ալ տէր կը կանգնի ասոնց ու միշտ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ պատմութիւնը ի լոյս պիտի բերենք։ Աշխարհի ամէն կողմէ հայեր Անին տեսնելու կու գան, մասնաւորաբար կու գան Անգլիոյ ու Ֆրանսայի հայերը։ Մենք եկողներուն ազգութեան չենք նայիր։ Անին ամբողջ աշխարհ մըն է եւ կը ջանանք զայն հիմա ծանօթացնել ամբողջ աշխարհին», ըսաւ Տողանայ։