
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան արտերկրի երիտասարդական միութիւններուն միջոցով, այս տարի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատանեկան ճամբարներ կը կազմակերպուին: Այս մասին Օգոստոս 14ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Անահիտ Յարութիւնեան:
Անոր խօսքով՝ այս ամառ արդէն իսկ ճամբարներ իրականացած են Գիւմրիի, Վանաձորի, Սիսիանի, Ստեփանակերտի, Մարտունիի եւ Քաշաթաղի մէջ. անոնց մասնակցած է աւելի քան 1000 պատանի:
«Յունիսին կազմակերպել ենք այց Արեւմտեան Հայաստան ճանաչողական ծրագիրը, իսկ վարիչների սեմինար մը՝ Սեպտեմբերին, որին կը մասնակցեն 150 մարդ: Ճամբարները երեխաների համար անվճար են», նշեց Անահիտ Յարութիւնեան:
ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Պերճ Բարսեղեան, իր կարգին նշեց, թէ իրենց համար այս ծրագիրը մեծ ուրախութիւն մըն է: «Հայաստանի փոքրիկները մեզ շատ լաւ ընդունեցին ու առիթ եղաւ, որ իրենց անգլերէն սորվեցնենք. գիրքեր բերած էին, հայրենասիրական երգեր ու շապիկներ բերած էինք: Երգով, պարերով, խաղերով անցուցինք. ամէն ինչ շատ լաւ էր», ըսաւ ան:
Ծրագիրը, ըստ կազմակերպիչներուն՝ ուղղուած է հայրենասիրութեան, ծանօթութիւններու, շփումներու եւ հայրենիք ու Սփիւռք կապի ամրապնդման: