
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան սատարելու վերաբերող Մեսեչուսեցի օրէնսդիրներու բանաձեւը երկրորդն է (Ռոտ Այլընտ նահանգի խորհրդարանի որոշումէն ետք), որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընդունուած է՝ նահանգային մակարդակի վրայ։
Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան՝ Մեսեչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունման անդրադառնալով՝ դիտել տուած է. «Մենք զգացուած ենք եւ բարձր ենք գնահատում ազատութեան աջակցութեան այդ աքթը»:
«Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿ Մինսկի գործընթացում ջանքեր է գործադրում՝ գտնելու ԼՂ հարցի արդարացի կարգաւորում: Այդ երկրի աւանդոյթները, որ դրսեւորւում են նահանգային օրէնսդիրների կողմից ղարաբաղեան հարցի նկատմամբ միանգամայն իրատեսական լուծումների առաջարկութեամբ, թոյլ են տալիս ակնկալելու, որ դաշնային կառավարութեան վերաբերմունքի մէջ նոյնպէս գերակայ կարող են դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի անկախութեան ճանաչման միտումները», նշած է Աթանէսեան եւ աւելցուցած. «Դա հիմնաւորապէս կը լիցքաթափէր իրավիճակը եւ Հարաւային Կովկասում կը պաշտպանէր կայունութիւն, որով շահագրգռուած են Միացեալ Նահանգների կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը»: