– Իրանի երկրաշարժներուն վնասը աւելի քան 650 միլիոն տոլարով կը գնահատուի Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճանի (Ատրպատական) նահանգի իշխանութեանց կողմէ, ըստ որոնց՝ վնասներ արձանագրուած են 307 գիւղերու մէջ: Նաեւ, Իրան Օգոստոս 13ին ետ ղրկած է Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնները, որովհետեւ Անգարա այդ առաքումը չէր համակարգած Թեհրանի հետ: Սպիտակ տունը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու Իրանին:
– Պաքուի մօտ Իրանի դեսպանութիւնը մերժած է մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն համար «Ռամատան» տօնի առթիւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կազմակերպած Օգոստոս 14ի ընդունելութեան՝ երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած լարուածութեան պատճառով:
– Ռուսական «Քոմերսան»չ թերթը կը գրէ, թէ վերջին դէպքերը ցոյց կու տան, որ Յորդանան կրնայ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշուիլ, հակառակ անոր, որ ցարդ չէզոք կեցուածք որդեգրած է: Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը կը փորձէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան հաւանականութենէն հեռու մնալ՝ նշելով, որ ան արաբ հազուագիւտ ղեկավարներէն է, որ սուրիական վարչակարգի տապալումի պարագային՝ ալաուի համայնքի ճակատագիրին մասին մտահոգութիւն յայտնած է: «Յորդանանի թագաւորին կացութիւնը որոշ չափով կը նմանի Սուրիոյ նախագահի կացութեան, որովհետեւ իր թիկունքը տուած է իր երկիրին մէջ փոքրամասնութեան: Յորդանանի բնակչութեան 60 առ հարիւրը պաղեստինցի է», կը գրէ «Քոմերսան»չ:
– «Հիւրրիյէ»չ կը հաղորդէ, որ Օթթաուայի բանուկ մէկ կէտին վրայ կը կառուցուի յուշարձան մը՝ ի յիշատակ թուրք զինուորական կցորդ Աթիլա Ալթըքաթին, որ 1982ին սպաննուեցաւ «հայ ահաբեկիչներ»ու կողմէ: Նկատելով, որ հայերը կրնան հակազդել, ցարդ այս մասին ոչ մէկ հրապարակում չէ եղած ու յուշարձանը կը կառուցուի խոշոր վրանի մը տակ: Աշխատանք կը տարուի, որ յուշարձանին բացումը կատարուի Ալթըքաթի մահուան 30րդ տարելիցին։ Թուրք գանատացիներու խորհուրդը ամէն տարի Ալթըքաթի սպանութեան օրը, ոգեկոչման ձեռնարկ կը կատարէ:
– Աֆղանիստանի տարածքին, Օգոստոս 14ին տեղի ունեցած շարք մը ահաբեկչական գործողութեանց զոհ գնաց 46 հոգի:
– Մինչ 1987ին թմրեցուցիչի առնչուող ամբաստանութեամբ բանտարկուածներուն թիւը 68 էր իւրաքանչիւր մէկ միլիոն ամերիկացի չափահաս քաղաքացիի պարագային, այդ թիւը 387ի բարձրացած է 2011ին: