ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տերսիմէն (Թունճելի) երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւնի՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ առեւանգումը, կը շարունակէ մնալ հանրային կարծիքը ամէնէն աւելի զբաղեցնող եւ զարմացնող հարցերէն մէկը, որովհետեւ յստակ չէ, թէ ինչո՞ւ առեւանգուած է երեսփոխան մը, որ ծանօթ է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար տարած իր աշխատանքով։
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Այկիւն «հսկողութեան տակ» առնուեցաւ՝ անոր քաղաքական կեցուածքին մասին ստացուած գանգատներուն հետեւանքով, որովհետեւ ան յաճախ դէմ արտայայտուած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան։ Նշուեցաւ նաեւ, թէ երեսփոխանը առեւանգուած է, որպէսզի ուշադրութիւն հրաւիրուի Տերսիմի ու տերսիմցիներու նկատմամբ պետութեան գործադրած քաղաքականութեան վրայ, որպէսզի ան պետութեան այդ քաղաքականութեան չծառայէ։
«Այկիւն ազատ պիտի արձակուի, երբ աւարտին վարչական ու իրաւական անհրաժեշտ գործողութիւնները», ըսուած է լուսաբանութեան մէջ։
Այկիւնի ընտանիքի անդամները գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով պահանջեցին, որ երեսփոխանը ազատ արձակուի անմիջապէս՝ յիշեցնելով, որ ան միշտ մարդկային իրաւունքները պաշտպանած է թէ՛ երեսփոխանութեան շրջանին, թէ՛ անկէ առաջ՝ իբրեւ փաստաբան։ Ըստ անոնց՝ ան միշտ պաշտպանած է նաեւ այն տեսակէտը, թէ քրտական հարցը կրնայ լուծուիլ միայն երկխօսութեամբ ու ժողովրդավարական միջոցներով։
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ներկայացուցիչները տենդագին աշխատանք կը տանին, որպէսզի ապահովեն Այկիւնի անվնաս արձակումը։ Այս առթիւ, կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու ըսաւ, որ ինք խօսած է ներքին գործոց նախարարին հետ, որ իր կարգին վստահեցուցած է, թէ Այկիւն ազատ պիտի արձակուի «կարճ ժամանակ մը ետք»։
Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, պատասխանելով այս մասին լրագրողներու հարցումներուն՝ ըսաւ. «Այկիւնը երեսփոխան մըն է եւ երեսփոխանի մը առեւանգումը շատ լուրջ խնդիր է, որովհետեւ երեսփոխանները միայն իրենց ընտրաշրջանի ներկայացուցիչը չեն, այլ՝ ամբողջ Թուրքիոյ ժողովուրդին: Այս տեսակէտով Այկիւնի առեւանգումը ժողովուրդի կամքին վրայ գործադրուած յարձակում է»։ Թէ ի՞նչ տեսակ գործողութիւն պիտի կատարուի, որպէսզի Այկիւն ազատագրուի անվնաս կերպով՝ Կիւլ պատասխանեց, որ այդ մասին որոշում պիտի տան ապահովութեան մասնագէտները։
Իր կարգին՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ յայտարարեց, թէ Այկիւն անմիջապէս պէտք է ազատ արձակուի: «Մենք այսպիսի առեւանգում մը անընդունելի կը նկատենք», ըսաւ ան: