ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած համահայկական կրթական 5րդ խորհրդաժողովը աւարտած է իր աշխատանքները, որոնք կատարուեցան 10-14 Օգոստոսին: Երկու տարին անգամ մը գումարուող խորհրդաժողովին մասնակցած են Սփիւռքի 19 երկիրներու, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան բնագաւառին մէջ գործող 140 ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, քառօրեայ խորհրդաժողովի 8 լիագումար նիստերուն ընթացքին ժողովականները եւ 6 յանձնախումբերը քննարկած են Հայաստան-Սփիւռք կրթական յարաբերութիւններու ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանման առնչուող խնդիրներ:
Հիմք ընդունելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի կրթական բնագաւառի ներկայացուցիչներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկները՝ որդեգրուած է Համահայկական կրթական 5րդ խորհրդաժողովի բանաձեւը: Այդ բանաձեւի ծիրին մէջ կը նախատեսուի շարունակել աշխատանքները հայագիտութեան ոլորտի միասնական կրթական չափորոշիչներու մշակման եւ ներդրման ուղղութեամբ՝ սահմանելով ակնկալուող գիտելիքներու նուազագոյն եւ առաւելագոյն մակարդակները, անոնց գնահատման չափանիշերը: Կը նախատեսուի նաեւ միջպետական բանակցութիւններու միջոցով բարձրացնել Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդուող հայագիտական նիւթերու կարգավիճակը համապատասխան երկիրներուն մէջ օրէնսդրօրէն ամրագրելու հարցը եւ նպաստել հայկական կրթական հաստատութիւնները տուեալ երկրի պետական կրթական ոլորտին մէջ ներգրաւելու գործընթացին:
Պիտի շարունակուի նաեւ կր-թութեան նախարարութեան աշխատանքը՝ սփիւռքահայ կրթօճախներու համար ստեղծուող եւ ձեռքբերուող դասագիրքերու, ուսումնական ձեռնարկներու, հայագիտական գրականութեան տպագրութեան եւ ըստ անհրաժեշտութեան տարածման ուղղութեամբ: Ծրագրուած է աշխատանքներ տանիլ Սփիւռքի մէջ հայալեզու կրթութեան վարկանիշի բարձրացման ուղղութեամբ:
Կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն համար կազմակերպել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համահայկական ձեռնարկներ, մշակել եւ տարածել ուսումնաօժանդակ նիւթեր: Պիտի շարունակուին Սփիւռքի մանկավարժներու վերապատրաստութեան դասընթացքները Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ՝ իրականացնելով խորհրդատուական դասընթացքներ առարկայական, մանկավարժամեթոտական, հոգեբանական ուղղութիւններով՝ շեշտը դնելով տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու գործադրութեան վրայ։
Համաժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ կարեւոր նկատուած է նաեւ հայոց լեզուի ուսուցման, արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնի, դասական ուղղագրութեամբ ձեռնարկներու ստեղծման ու տարածման խնդիրը: Անհրաժեշտ նկատուած է նպաստել Հայաստանի մէջ հրատարակուող մանկապատանեկան ամսագիրերուն մէջ Սփիւռքին յատկացուած բաժիններու պատրաստութեան եւ անոնց ելեկտրոնային տարբերակներու ստեղծման խթանումը։
Համահայկական կրթական 5րդ խորհրդաժողովի մասնակիցները Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ նաեւ զօրակցութիւն յայտնած են սուրիահայ համայնքին։