ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութիւնը դրական եզրակացութեան չէ յանգած ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան վերաբերող օրինագիծին առնչութեամբ: 16 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին ընթացքին այդ մասին ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեանը՝ նշելով, որ օրինագիծին մէջ անջատ կերպով չեն յիշատակուած Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ յոյներուն սպանդները, մինչդեռ Յունաստանի խորհրդարանը 90ականներուն Ցեղասպանութեան յիշատակման առանձին օրեր ճշդած էր իւրաքանչիւրին համար: Պոնտոսի յոյներու Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը 19 Մայիսն է եւ սահմանուած է 1994 թուականին, իսկ Փոքր Ասիոյ յոյներունը՝ 14 Սեպտեմբերը՝ 1998 թուականին ճշդուած:
«Եթէ այդ տարբերութիւնը հաշուի չառնուի, ապա կը ստեղծուի սխալ տպաւորութիւն, որ Հայաստանը դատապարտում է միայն Պոնտոսի յոյների ցեղասպանութիւնը», բացատրած է Յովակիմեան:
Ժառանգութիւն կուսակցութենէն Ռուբէն Յակոբեանի, Զարուհի Փոստանջեանի եւ Ալեքսանդր Արզումանեանի կողմէ ներկայացուած օրինագիծը կը դատապարտէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Պոնտոսի յոյներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը՝ զայն նկատելով «մարդկութեան դէմ կատարուած ծայրագոյն յանցագործութիւն»: