ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Արցախեան գիւղերուն մէջ սովորական դարձած է, որ տեղացիներուն դիմագրաւած հարցերը լուծուին Սփիւռքի կողմէ կատարուած ներդրումներուն շնորհիւ։ Քոլատակի պարագան բացառութիւն չէ։

Գիւղը մայրուղիին կապող վեց քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճամբան նորոգելու եւ բարեկարգելու զանազան փորձեր կատարուած են, բայց ապարդիւն: Առաւելագոյնը եղած է այն, որ ուղին շտկուած է, սակայն յաջորդող անձրեւներուն արդէն կացութիւնը նոյնքան դժուար եղած է։
Ներկայիս հարցը արմատական լուծում պիտի ստանայ։ Անհրաժեշտ միջոցները տրամադրած է արմատներով քոլատակցի Հայկ Մաղաքելեանը, իսկ աշխատանքները կը կատարէ «Վիրաժ» ընկերութիւնը։
Ճամբան ամբողջ երկայնքով լայնցուած է, կարգ մը բաժիններու մէջ բուսականութիւնը հեռացուած է, կամուրջներու ամրացման աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Նախորդ փորձառութիւնը նկատի ունենալով՝ մեծ ուշադրութիւն դարձուած է ջրային ստորերկրեայ համակարգի կարգաւորման: Ճամբուն մեծ մասը արդէն խճապատուած է: Մէկ երկու օրէն պիտի սկսի կուպրապատումը: Քոլատակցիներուն մեծ անակնկալներ պահած է այս ուղին։
«Սա հայրենի գիւղում վերջին նախաձեռնութիւնը չի լինի», հաստատած է բարերարին ներկայացուցիչը՝ առանց յիշելու միւս ծրագիրները, անոր մաղթանքն է, որ վերանորոգուած ճամբան ծառայէ ոչ թէ գիւղը լքելու, այլ գիւղին մէջ ապրողներուն կեանքը աւելի բարւոք եւ դիւրին դարձնելու։