
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 14 Օգոստոսի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ եւ ներկայիս Բաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Էմին Ժեմայելի:
Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքի անցուդարձերը, քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի ներքին կացութեան կապուած որոշ հարցեր: