
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Ատիկէիա նահանգի մայրաքաղաք Մայքոփի մէջ սկսած են Հայկական մշակութային կեդրոնի շինարարական աշխատանքները: Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթը կը յայտնէ, թէ մշակութային կեդրոնը կը կառուցուի հայկական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարածքին մէջ:
Եկեղեցւոյ այցելուները մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած են մշակութային կեդրոն կառուցելու առաջարկը, որովհետեւ անոնք երկար տարիներ կը սպասէին այսպիսի ծրագիրի մը իրագործման: Շինարարութեան կազմակերպման գործընթացին իր մեծ ներդրումը ունեցած է Մայքոփ քաղաքի Հայկական եկեղեցւոյ կնքահայրը:
Ծրագիրի իրագործման համար հաւաքուած գումարը կը բաւարարէ ապագայ կեդրոնի հիմքի կառուցման գործին, բայց եկեղեցւոյ հովիւ Մուշեղ քհնյ. Խաչատրեանի խօսքով՝ նուիրատուութիւններ հաւաքելու աշխատանքները կը շարունակուին. ան յոյս յայտնեց, որ մինչեւ տարուան վերջը կը կառուցուին պատերը, իսկ 2013ի Սեպտեմբերին՝ կեդրոնը կը բանայ իր դռները:
Օգոստոսի վերջը տեղի պիտի ունենայ բարեգործական համերգ մը՝ այս ծրագիրին շուրջ համայնքէն ներս եռանդ ստեղծելու նպատակով:
Սոյն Մշակութային կեդրոնին մէջ պիտի գործեն հայկական դպրոց, պարային խումբ, եկեղեցական երգչախումբ, արուեստներու, ժողովրդական գործիքներու դասարաններ եւ այլն: