
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 23ին, Պիշքեքի մէջ կայացող Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ժողովի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խստօրէն քննադատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած «ապակառուցողական» դիրքորոշումը:
Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը խոչընդոտ է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն առջեւ:
«Բռնագրաւեալ ատրպէյճանական հողերու ազատագրումը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնն է, եւ մենք յառաջիկային եւս պիտի շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Մենք կտրականապէս կը քննադատենք Ատրպէյճանի տարածքներու 20 տոկոս գրաւումը եւ ատրպէյճանցի մեր եղբայրներուն բռնի տեղահանումը: Այն իրողութիւնը, որ տագնապին խաղաղ կարգաւորման շուրջ արդէն 20 տարիէ ի վեր շարունակուող բանակցութիւնները արդիւնք չեն տար՝ լրջօրէն կ՛անհանգստացնէ մեզ: Քանի դեռ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ լուծուած խաղաղ ճանապարհով՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերադարձով, ապա դժուար պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հասնիլ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան», աւելցուցած է նախարարը: