ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աչքերու եւ տեսողութեան մասին ամէն հաստատում տեղին է ու կարեւոր: Առանց աչքերու, խաւար է ամբողջ աշխարհը: Իսկ լոյսը, որուն օրհնաբեր ներկայութեան գիտակցութիւնը ամէն մարդ ունի, ինչքա՜ն կը կերպարանափոխէ այն տեղը ուր կը ծագի, եւ իր շողերով ո՛չ միայն կը լուսաւորէ միջավայրը, այլ նաեւ կը ջերմացնէ այնտեղ գտնուողներուն սրտերը:
Կուրութեան մասին աւելորդ է խօսիլ, որովհետեւ մէկ պահ մթութեան մէջ մնացած մարդուն զգացումը կարելի է օրինակ իբրեւ ծառայեցնել, ցոյց տալու համար թէ ինչքան սարսափելի է ատիկա: Երեւակայել որ ալ ոչինչ պիտի տեսնենք այս կեանքի մէջ, եւ մեր շրջապատը մեզի համար միայն շօշափելի, լսելի եւ զգալի իրականութիւն պիտի դառնայ եւ ո՛չ տեսանելի: Ամէնէն փափաքելի զգայարանքը աչքն է մարդուն համար: Թէեւ հարցախոյզներու պատասխանը ցոյց տուած է, որ ականջը՝ լսողութիւնը աւելի անհրաժեշտ է այս կեանքը ապրելու համար:
Կուրութեան պատճառները բազմազան են: Ֆիզիքական թերութիւններ, հիւանդութեան տեսակներ, երբեմն պատճառ կը դառնան որ մարդիկ աչազուրկ դառնան: Կան նաեւ ի ծնէ կուրութեան պարագաներ, որոնք տարբեր հիմք ունին, իսկ Հին Ուխտի ժողովուրդին հասկացողութեամբ՝ պատիժ իբրեւ կը տրուէին ենթակայի ծնողներուն, անոնց գործած մեղքերուն ի պատասխան (Հմմտ Յհ 9. 2): Սակայն Յիսուսի մտածողութիւնը եկաւ փոխելու այդ հին ըմբռնումը, եւ բացատրեց ֆիզիքական դիպուածին նշանակութիւնը (Հմմտ Յհ 9. 3):
Ֆիզիքական այս կուրութենէն տարբեր, միշտ կը խօսուի նաեւ հոգեկան կուրութեան մասին, որու հիւանդութեամբ կը տառապին անաստուածներ, կրօնական ապրումներու անտեղեակ անձեր կամ հակա-կրօնական դիրքորոշում ունեցողներ, որոնց մէջ աստուածգիտութեան լոյսը չէ ծագած տակաւին:
Յիսուս հոգեպէս կոյրեր կոչեց նաեւ իր ժամանակին ապրող ու գործող շատ աստուածապաշտ մարդիկ, ինչպէս փարիսեցիները, որոնք կրօնական ծէսին ու պաշտամունքին նկատմամբ բացառիկ յարգանք ունէին, ինչպէս նաեւ բառացի գործադրողներն էին Օրէնքին: Զանոնք նոյնիսկ տեսնող կոյրեր կոչեց, իսկ վստահեցուց, թէ անոնք որոնք չենք տեսներ, օր պիտի գայ որ պիտի տեսնեն (Հմմտ Յհ 9. 39-41):
Յիսուսի մտածողութեան այս բաժնին բանաձեւը առաջնորդող ընդունելով, կրնանք հաստատել ուրեմն, որ կեանքի մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք ճիշդ կը թուին մեզի, սակայն խորքին մէջ կրնան սխալ ըլլալ: Այսպէս, ո՞վ կրնար յայտարարել կամ նոյնիսկ մտածել թէ փարիսեցիները սխալ ընթացքի մէջ էին: Անոնք իրենք իրենց անձը ամէնէն բարեպաշտ, ամէնէն աւելի աստուածային գիտութեանց ու պատուիրաններուն տեղեակ, եւ ամէնէն աւելի օրինաւոր կը նկատէին: Ժողովուրդն ալ այդպէս կը խորհէր: Սակայն Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ անոնք սխալած էին իրենց բարեպաշտութեան մէջ, եւ ծայրայեղութեան երթալով ձեւական ու անարժէք դարձուցած իրենց օրինաւորութիւնը:
Մարդկային ընկերութեան ըմբռնած բարոյական կեանքն ալ, իրեն յատուկ օրէնքերով, համամարդկային բնոյթ ունենալ կը թուի շատերուն: Սակայն տարբեր ազգերու եւ տարբեր մշակոյթներու ճամբով ըմբռնուած բարոյական օրէնքները, երբեմն փոքր տարբերութիւններ կ՛արձանագրեն:
Հոգեբաններու հաստատումով, ոմանց մօտ յայտնուող ինքնավստահութիւնը, որ խորքին մէջ դրական երեւոյթ է մարդուն մէջ, կրնայ աւերիչ հանգամանք ունենալ, զայն ունեցողը առաջնորդելով ամբարտաւանութեան: Մէկուն վստահուած փոքր պաշտօնը, կրնայ զայն բարձրագոյն դիրքերու հասցնել, համաձայն իր ուշիմութեան ու կարողութեան: Միւս կողմէ, նոյն փոքր պաշտօնը կրնայ անոր անձին քանդումին պատճառ հանդիսանալ, երբ այդ պաշտօնին սխալ օգտագործումով, ենթական կրնայ իր ընկերակիցները ստր-կացնել: Մարդը իր նմանը ծառայ դարձնելու ամէն յատկութեամբ օժտուած է: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ, թէ՝ բաւ է որ մարդուն եղունգները մի քիչ երկարին, անիկա շուտով իր նմանները եղունգով մորթելու կը նախապատրաստուի:
Դարձեալ, ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Եթէ կ՛ուզես փորձել մէկը, պաշտօն յանձնէ անոր»: Ցարդ բազմաթիւ դէպքեր պատահած են, երբ սովորական աշխատաւորը, համեստ աստիճաններէն բարձրանալով երբ հասած է տուեալ հիմնարկի բարձրագոյն պաշտօնին, մոռնալով իր անցեալն ու նախկին հանգամանքը, սկսած է դժուար պայմաններ ստեղծել անոնց, որոնց պաշտօնը ի՛նք ունէր նախապէս:
Ժողովրդային իմաստութեան մաս կը կազմէ նաեւ հետեւեալ առածը. «Պաշտօնը կը կուրացնէ մարդը»: Ուրեմն, կուրացնող ազդակներու շարքին է նաեւ պաշտօնը, որ ո՛չ ֆիզիքական եւ ոչ ալ հոգեկան կուրութեան կը նմանի, այլ մտային կուրութիւն է, որուն տարբեր մէկ անունն է ամբարտաւանութիւնը:
Իր անձը ուրիշներէն տարբեր, անսխալական, անթերի, գիտուն եւ զարգացած նկատելու պատճառ դարձող զգացումն է ամբարտաւանութիւնը, որ ի ծնէ զգացում չէ՛ մարդուն մէջ, այլ միշտ յետոյ եկող, յաւելուող զգացում է: Ամբարտաւանութիւնը կը ստրկացնէ իրարու հաւասար ստեղծուած էակները: Ամբարտաւանը չի՛ կրնար պահ մ՛իսկ մտածել, թէ իրմէ աւելի լաւը, իրմէ աւելի գիտունը, իրմէ աւելի սիրունը կրնայ գոյութիւն ունենալ այս տիեզերքին մէջ: Նոյնիսկ իմանայ ալ՝ չուզեր այդ մասին մտածել, որովհետեւ այլեւս կուրացած ըլլալով, իրեն համար նշանակութիւն չեն ունենար ուրիշներուն կարողութիւնները, յաջողութիւնները կամ կատարած իրագործումները:
Կուրացնող այս զգացումին դէմ պայքարը՝ անյոյս պարագայ է: Ոմանք այնպէս կը խորհին, թէ նման անձերու հետ մօտ բարեկամութիւն մշակելը կրնայ զանոնք համեստացնել, խոնարհեցնել նոյնիսկ բարձունքի վրայ գտնուած միջոցին: Սակայն, ըստ փորձառուներու տուած բացատրութեանց, ամբարտաւան անձերու նկարագրին մէջ կազմաւորուած այդ զօրաւոր գիծը միայն մահուամբ կը փճանայ, իր աւարտը գտնելով գերեզմանին մէջ:
Ողբերգութիւն է անշուշտ, պաշտօնազրկումը նման անձերու, որոնց համար մահը աւելի ցանկալի կ՛ըլլայ, քան՝ պաշտօնազրկումը: Պաշտօնով միայն արժեւորուած մարդոց իրավիճակն է այս, որոնք իրենց պաշտօնը խորհրդանշող իրենց գրասեղանէն անդին ո՛չ մէկ ճանաչում ունին: Բախտի չար կատակներով իրենց պաշտօնը կորսնցուցածներ միշտ կը սիրեն իրենց անուան դիմաց դնել »նախկին« այսինչ պաշտօնը ունեցող անձ, վախնալով որ ընկերութիւնը մոռցած կ՛ըլլայ իրենց այդ նախկին հանգամանքը: Այս ալ կոյր աչքերու վրայ դրուած անիմաստ սեւ ակնոցին կը նմանի, որ ո՛չ թէ աչքերը արեւու ճառագայթներէն պաշտպանելու կը ծառայէ, այլ կոյր աչքերուն պարզած տգեղութիւնը մարդոց ուշադրութեան առարկան դարձնելէ կը փրկէ կոյր աչքերը:
Կուրացնող զգացումին դեղ փնտռելը անիմաստ աշխատանք է: