ԹԱՒՐԻԶ.- Մաղարդավանքը կամ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, Ատրպատականի Հայոց թեմի վանական համալիրներու գոհարներէն է, որուն մասին ամէնէն հին յիշատակութեան կը հանդիպինք, Խաչիկ Ա. Արշարունի կաթողիկոսի գրած կոնդակին մէջ 976թ., ըստ որում աւանդութիւն կայ, թէ վանքը կառուցած է Յիսուսի 12 աշակերտներէն Սուրբ Բարթուղիմէոսը:
Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, վերահաստատելով տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած ուխտագնացութեան աւանդութիւնը այս վանքին, յատուկ օր նշանակեց ամէն տարուան Օգոստոս ամսուան վերջին շաբաթը, իբրեւ ուխտագնացութեան օր Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի, որուն ընթացքին մեր եկեղեցին կը տօնէ Ս. Ստեփանոս Ուլնեցիի յիշատակը: Այս տնօրինումը անոր համար, որ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը կը զուգադիպի ձմրան եղանակին, եւ ուխտաւորներուն համար աննպաստ կլիմայական պայմանները կրնան դժուարութիւն յարուցել:
Այս տարի, առաջինը ըլլալով ուխտագնացութիւններու վերսկսման, Չորեքշաբթի 29 Օգոստոս 2012ին, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ վանքին մէջ: Ուխտաւորներ եկած էին Թաւրիզէն եւ Ուրմիայէն: Ուրմիայի ուխտագնացութիւնը կազմակերպած էր ՀՕՄի մասնաճիւղը, իսկ Թաւրիզի ուխտագնացութիւնը՝ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբը: Ներկայ էին նաեւ Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներ, Ազգային բարերար Համազասպ Ոսկանեան: Պատարագեց եւ քարոզեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վարդապետ: Խորանին կը սպասարկէր Ուրմիայի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեան, իսկ մոմակրութեամբ, քշոցակրութեամբ եւ բուրվառակրութեամբ կը սպասարկէին Թաւրիզէն եւ Ուրմիայէն ժամանած դպիրներ: Պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Վարդան Վահրամեանի:
Առաջնորդը իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց ուխտագնացութիւններու կարեւորութիւնը, ու մանաւանդ Ատրպատականի Հայոց թեմէն ներս անոնց անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ հաւատքի վերարթնացման առիթներ, որպէսզի իբրեւ աւանդապահները հայրերու ժառանգութեանց, զօրանան հաւատքով, ամուր պահպանելու համար թեմին պատկանող սրբավայրերը: Ան շեշտեց նաեւ առաջին այս ուխտագնացութեան պատմական հանգամանքը, եւ ըսաւ, թէ «անոնք որոնք մասնակից կը դառնան սա պահուն այս ուխտագնացութեան, պատմակերտ քար կը դնեն այս վանքի պատմութեան մէջ»: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ներկայ ուխտաւորներուն ըսաւ. «Դուք սա պահուն պատմութիւն կը կերտէք: Հարուստ է Մաղարդավանքի պատմութիւնը, ձեզի նման հաւատարիմ հայորդիներով, որոնք եկած են ու ծաղկեցրած այս վանքը: Այստեղ Յակոբ վրդ. Շամբեցին Յայսմաւուրքն է ստեղծած, Մելքոն երէց æուղայեցին այստեղ Փաւստոս Բիւզանդի Հայոց պատմութիւնն է ընդօրինակած, Ստեփանոս æուղայեցին Մաղարդավանքի կոնդակներն է օրինակած, այստեղ գրուած եւ ծաղկազարդուած է 1710 թուականի նշանաւոր Շարակնոցը, որ 1914 թուին, թրքական արշաւանքներու ժամանակ վանականներ հողի տակ են թաղած եւ հետագային՝ 1967ին միայն յայտնաբերուած է: Վերջապէս, նոր օրերուն, Ատրպատականի Հայոց թեմի Առաջնորդ Կարապետ եպս. Տէր Մկրտչեանը 1911ին այստեղ գալով ուսումնասիրած է ձեռագրերը եւ այստեղէն յայտնաբերած է հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան այնքան անհրաժեշտ «Կնիք Հաւատոյ» անզուգական ժողովածուն, որ կազմուած է Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսի օրով: Տէր Մկրտչեանը զայն հրատարակած է 1914 թուականին:
Դեռ, այս վանքին մէջ կը պահուէին սրբազան մասունքներ, ինչպէս Ս. Ստեփանոսի ծնօտէն մէկ կտոր, Ս. Մատթէոս Աւետարանչի գանկոսկրը, Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վիզէն ու մատէն մասունքներ, Ս. Դիոնիսոս Արիսպագացիի աշակերտին՝ Ս. Գրիգորի աջը եւ այլ սրբազան նշխարներ: Կար ժամանակ, մօտիկ անցեալին, երբ այս վանքը ճանապարհ չունէր, բայց մեր ժողովուրդի զաւակները ձիերով, գրաստներով, ջորիներով հաւատարմօրէն եկած են այստեղ ուխտի, մինչեւ որ 1973 թուին աւարտած է ճանապարհաշինութիւնը եւ Երջ. Խորէն Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս անձամբ այստեղ գալով, Մայիս 17ին բացումը կատարած է այս ասֆալթէ ճանապարհին: Այս հարուստ պատմութեան հետ հաղորդութեան եկած էք դուք այսօր, եւ ձեր ներկայութեամբ կ’ոգեկոչէք բոլոր անոնց յիշատակը, որոնց կեանքը շաղախուած է այս քարերուն: Հայ ուխտաւորի շունչով պիտի ջերմացնենք այս վանքը Արաքսի ափին, եւ զօրանանք մեր հայրերու հաւատքով», ըսաւ թեմակալ առաջնորդը:
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, «Աջովն Սրբոյն Ստեփանոսի», եւ ուխտաւորներ ստացան օրհնուած ջուրէն: Ապա, վանքի շրջակայ պարտէզներուն մէջ, ուխտաւորներ իրենց բերած կերակուրները ճաշակեցին, եւ երեկոյեան հոգեպէս հարստացած ու զօրացած, վերադարձան իրենց տները: