ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան միջոցաւ, դիւանագիտական բողոքագիր մը յանձնուած է Ֆրանսայի իշխանութեանց՝ ընդդէմ Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը պետական երկրորդական վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու Փարիզի որոշումին: Բողոքագիրներէն օրինակներ յանձնուած են Ֆրանսայի կրթութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեանց, պահանջելով, որ «առարկայական» վերաբերմունք ցուցաբերուի Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթին վերաբերեալ, քննադատելով դասանիւթին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները:
Բողոքագրին մէջ նաեւ կ՛ազդարարուի, թէ դասանիւթերը կրնան ատելութիւն սերմանել թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ, իսկ Ֆրանսայի թուրքերը բացասաբար պիտի ազդուին անոր հետեւանքներէն: