
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի 9րդ հանգրուանին Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2.5:1.5 արդիւնքով յառաջացաւ Գերմանիոյ ընտրանիին։ Յաղթանակի արդիւնքը ապահովեց Լեւոն Արոնեան՝ 65րդ քայլին յաղթելով Արկադի Նայտիչին:
Սերգէյ Մովսէսեանը սեւ խաղաքարերով հաւասարեցաւ Իգոր Խենկինի հետ, Վլադիմիր Յակոբեանը յաղթեց Գէորգ Մէյերին, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեանը սեւերով 46րդ քայլին զիջեցաւ Տենիէլ Ֆրիտմընին: Հայաստանի հաւաքականը այժմ ունի 15 միաւոր: