
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան հեղինակաւոր «Ֆորէյն Փալըսի» թերթին մէջ, Քեթրին Մախալեկ իր «Ծանօթացէ՛ք կեդրոնական Ասիոյ ուժանիւթի պարոններուն, նորաձեւութեան աստուածուհիներուն եւ իշխող ընտանիքներուն» վերնագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է Իւզպեքիստանի, Ղազախստանի, Ղըրղզստանի եւ Ատրպէյճանի իշխող ընտանիքներու զեղծարարութիւններուն:
Ատրպէյճանի վերաբերող բաժինին մէջ գրուած է. «Ատրպէյտանի նախագահի ընտանիքը իր ունեցուածքը ձեռք կը բերէ երկիրի քարիւղի հատուածէն: 1993ին իշխանութիւնը խլած Հայտար Ալիեւի պաշտօնավարման օրօք, անոր որդին՝ Իլհամ Ալիեւը պետական ուժանիւթի ընկերութեան՝ «Սոքար»ի տնօրէնն էր: Այդ ընկերութիւնը այժմ իր վերահսկողութեան տակ կը պահէ երկիրին 7 միլիառ տակառ քարիւղի պաշարները: 2003ին, Հայտար Ալիեւի մահէն ետք իշխանութեան աննախադէպ վերահսկողութեան տակ անցած ընտրութիւններու միջոցով նախագահութիւնը անցաւ Իլհամին: «Սոքար»ը պետական ընկերութիւն է, սակայն քարիւղի եկամուտը նախագահին հակակշիռին տակ է: Իլհամ Ալիեւի զաւակներուն անուններով արտասահմանեան ընկերութիւններ եւ շքեղ բնակարաններ գնուած են: Օրինակ՝ Իլհամի դուստրերը՝ 27ամեայ Լէյլա Ալիեւան եւ 23ամեայ Արզու Ալիեւան 2007ին դարձած են 2.5 միլիառ տոլար գնահատուող «Ճովտար» ոսկիի եւ արծաթի հանքերուն 70 տոկոսին սեփականատէրերը, իսկ մնացած 30 տոկոսը կը պատկանի պետութեան: Ալիեւա քոյրերը համասեփականատէր են նաեւ միջազգային շարք մը ընկերութիւններու: Արզու նաեւ մենաշնորհումներ ունի Ատրպէյճանի պետական օդանաւային ընկերութեան մէջ: Իլհամ Ալիեւի զաւակները Տուպայի մէջ ունին 75 միլիոն տոլար արժող բնակարաններ, իսկ նախագահի ընտանիքին այլ անդամներ ընկերութիւններ կը տնօրինեն արդիւնաբերութեան, հաղորդակցութեան, դրամատնային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Լէյլա Ալիեւա կը փորձէ բարելաւել ընդդիմութեան եւ լրագրողներու նկատմամբ բռնութիւններուն պատճառով իր ընտանիքի խարխլուած հեղինակութիւնը, Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամին միջոցաւ բարեգործական միջոցառումներ կազմակերպելով: Մինչ այդ, այդ հիմնադրամի նախագահն է Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան, իսկ փոխնախագահը՝ Լէյլա Ալիեւան»: