
ԼՈՆՏՈՆ.- «Միջազգային ներում» (Amnesty International) կազմակերպութիւնը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը կը նշէ, թէ մտահոգուած է այն իրողութեամբ, որ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումէն ետք, Պաքուի կառավարութեան առած քայլերը կրնան ընկալուիլ իբրեւ ցեղային հողի վրայ բռնութեանց խրախուսում:
Կազմակերպութիւնը մտահոգուած է, որ այս արարքները ատրպէյճանցիներու եւ հայերու միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը կրնան աւելիով սրել, եւ կրնան պատճառ դառնալ, որ ցեղային հողի վրայ բռնութիւնները բազմանան ապագային:
«Սաֆարով խոստովանած է, որ սպանութեան դիմած էր պարզապէս անոր համար, որ սպան հայ էր: Հիմա անոր ներում շնորհուած է եւ հազարապետի կոչում տրուած է անոր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը շեշտուի, թէ Սաֆարովը ներելով, նախագահ Իլհամ Ալիեւ ատրպէյճանցիներուն կ՛ուզէ հասկցնել, որ հայերու դէմ բռնութիւնները ոչ միայն ընդունելի, այլ նաեւ խրախուսելի են:
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է չեղեալ յայտարարէ Սաֆարովին տրուած պարգեւները եւ հրապարակաւ դատապարտէ ցեղային հողի վրայ բռնութիւնները: Հայաստանի կառավարութիւնը եւս պէտք է հասկցնէ, որ ատրպէյճանցիներու նկատմամբ վրէժխնդրական արարքները անընդունելի են», եզրակացուցած է «Միջազգային ներում»ը: