
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը արդէն Մալթա կը գտ-նուի, ուր 7 Սեպտեմբերին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 22։00ին աշխարհի ախոյեանութեան ընտրական հան-գրուանի մեկնարկային հանդիպումը պիտի կայանայ այս երկիրի ազգային հաւաքականին հետ: Այս առիթով Հայաստանի հաւաքականի մարզիչը հանդիպում պիտի ունենայ լրագրողներուն հետ։