
Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնելու Հունգարիոյ կառավարութեան դատապարտելի որոշումին դէմ Չորեքշաբթի օր երկու ցոյցեր տեղի ունեցան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ:
Կէսօրուան ժամը 1ին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ համախմբուած ժողովուրդը յառաջացաւ դէպի Թեսաղոնիկէի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսութիւն, ուր յուշագիր յանձնեց հիւպատոսի փոխանորդին:
Ցոյցը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ:
Աթէնքի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյցը տեղի ունեցաւ կէսօրէն ետք ժամը 6ին, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՌԱԿի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ:
Ցուցարարները համախմբուեցան Վասիլիսիս Սոֆիաս կեդրոնական պողոտային վրայ, մեծ պաստառներ պարզած: Երիտասարդներ, պատանիներ, տարեցներ, յունահայ եւ Հայաստանէն Աթէնք հաստատուած մեծ թիւով հայրենակիցներ ներկայ եղան եռանդուն ցոյցին: Ցոյցը կը գլխաւորէին Արցախէն Յունաստան այցելող 22 պատանիները, որոնք հպարտօրէն պարզած էին Արցախի դրօշը եւ ուժեղ ձայնով կը մասնակցէին հայկական եւ յունական լօզունգներուն:
Ցուցարարները յառաջացան դէպի Քարնէատու փողոց, ուր կը գտնուի Հունգարիոյ դեսպանութեան շէնքը, լօզունգներ բացագանչելով:
Ցոյցը կանգ առաւ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ, ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: Կարճ խորհրդակցութենէ ետք դեսպանութեան մուտքին իջաւ դեսպանի խորհրդականը, բացատրելով, որ դեսպանութիւնը փակ է, սակայն ինք լիազօրուած է ընդունելու եռանդամ պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ցոյցի կազմակերպիչ ՀՅԴ եւ ՌԱԿի պատասխանատուներէն:
Պատուիրակութեան անդամները ուղղուեցան դէպի շէնքի ներքնամաս, ուր զրոյց մը ունեցան դեսպանութեան խորհրդականին հետ եւ իրեն յանձնեցին բողոքի յուշագիրը, բացատրելով թէ հայութիւնը ամբողջ ընդվզած ու զայրացած է Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումով՝ Ատրպէյճանին յանձնելու հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճրագործը: Հունգարացի պաշտօնակատարը հաւաստիացուց, որ Աթէնքէն եւ Թեսաղոնիկէէն հնչած բողոքի ձայները պիտի հասնին Պուտափեշտի իշխանութիւններուն եւ ստանձնեց գրաւոր յուշագիրը յանձնելու պարտականութիւնը: