Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին Նիկոսիոյ հունգարական դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բազմամարդ բողոքի ցոյց մը, կազմակերպուած կիպրահայ երիտասարդութեան կողմէ: Բողոքողները պաստառներով եւ յունարէն, անգլերէն, հունգարերէն վանկարկումներով իրենց ցասումը յայտնեցին մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման համար, որուն պատասխանատու նկատեցին հունգարական կառավարութիւնը:
Բողոքի ցոյցի ընթացքին երեք աւանդական կուսակցութիւններու Կիպրոսի մարմիններուն ներկայացուցիչները բողոքի նամակ մը յանձնեցին դեսպան Պալաչ Պոթոսին, որ անձամբ դուրս եկաւ դիմաւորելու ցուցարարները: Ան ցաւ յայտնեց պատահածին համար եւ խոստացաւ բողոքի նամակը անմիջապէս փոխանցել իր կառավարութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.