ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 9ին, կ.ե. ժամը 4ին, «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ պիտի դասախօսէ դեղագործ տոքթ. Վահէ Աբէլեան, լուսարձակի տակ առնելով դեղերու արտադրութեան մանրամասնութիւնները, սկսելով զանոնք մէջտեղ բերելու համար տարուող ուսումնասիրութիւններէն ու հասնելով մինչեւ դեղորայքի արտադրութիւնը եւ անոր տարբերակներուն շուկայ իջնելը:
Լիբանան ծնած եւ դեղագործութեան մէջ մասնագիտացած տոքթ. Վահէ Աբէլեան ներկայիս Օհայօ հաստատուած է:
«Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին հասցէն է 15105 Mission Hills Road: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 838-4862 թիւին կամ ararat-eskijian-museum@netzero.net հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.