ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Դամասկոսի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներ պայթած են, նիւթական վնասներ պատճառելով, մինչ Հալէպի մէջ շարք մը գործողութիւններ տեղի ունեցած են ապստամբներու դէմ:
Նոյն օրը, զինուորական ստորաբաժանումները Հալէպի սահմաններուն վրայ զինեալ բախումներ ունեցած են խումբ մը զինեալներու հետ, որոնք կը փորձէին Հալէպ մուտք գործել: Այս գործողութեան ընթացքին «ահաբեկիչները մեծ կորուստներ կրած են»:
Նաեւ, լիբանանեան աղբիւրներ հաղորդած են, թէ Պէյրութի օդանակային մէջ գրաւուած են Քաթարէն Սուրիոյ ապստամբներուն փոխանցուող զինամթերք եւ ձերբակալուած է լիբանանցի մը, որ փոխանցումը պիտի իրականացնէր: Ան խոստովանած է, որ տարբեր առիթներով զինամթերք փոխանցած է զինեալներուն:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, որովհետեւ ան Սուրիոյ իշխանութիւններուն ամբաստանած էր ահաբեկչութեամբ: Նախարարութիւնը շեշտեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բացայայտ կերպով կ՛աջակցի ահաբեկիչներուն, օգնելով անոնց, որ Թուրքիայէն սուրիական տարածք ներխուժեն: «Էրտողանի կառավարութիւնը միջազգային ահաբեկչութեան ցանկին վրայ ներառուելու արժանի է», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ բախումները մտահոգիչ են՝ աւելցնելով. «Թերեւս սուրիական տագնապի լուծման մէջ մեր գործընկերները պէտք է իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկեն եւ ոչ թէ մենք»:
Փութին շեշտեց, որ պէտք է դադրեցնել դէպի Սուրիա զէնքի առաքումները՝ յայտարարելով. «Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան անհրաժեշտութեան կը գիտակցինք, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ փոփոխութիւնը արիւնալի պէտք է ըլլայ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ըսաւ, որ Մոսկուա համոզուած է, որ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնքերը ապահով դարձնելու համար պէտք եղած բոլոր միջոցառումները որդեգրած է: Ռիապքով աւելցուց. «Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործումը անկարելի է»:
Վերջապէս, Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Անգարա սուրիացի գաղթականներուն ուտեստեղէն եւ ապաստան ապահովելու համար ցարդ 500 միլիոն թրքական լիրա (275 միլիոն տոլար) ծախսած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.