ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան, մայրաքաղաք Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանի Ֆաքհանի թաղամասին մէջ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք պատճառեցին հինգ վիրաւոր: Զինեալ բախումները կասեցնելու նպատակով շրջան ժամանեց լիբանանեան բանակը, որ իսկոյն իր զրահապատներուն համար դիրքեր ճշդեց եւ իր հակակշիռին տակ առաւ կացութիւնը: Յայտնուեցաւ, որ բախումները արձանագրուած են «Մուսթաքպալ» հոսանքի անդամներուն միջեւ:
Նաեւ, Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ, Հինգշաբթի երեկոյեան արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք սպաննուած է «Ֆաթհ» շարժումի անդամ պաղեստինցի մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.