ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ արձագանգած է Ֆրանսայի մէջ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի ընդգրկման եւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծի մը մշակման մասին լուրերուն:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Պաղըշ ըսած է. «Ֆրանսայի մէջ իշխանութիւնները կը շարունակեն ցուցաբերել այնպիսի մօտեցում, որ ուղղուած է ոչ թէ ապագայ սերունդներուն, այլ՝ ապագայ ընտրութիւններուն: Ֆրանսացիները այսպիսով կը մեծցնեն սխալ տեղեկութիւններով թունաւորուած սերունդ մը»:
Ան սպառնացած է Հոլանտին, որ նման քաղաքականութիւն վարելու պարագային՝ իշխանութիւնը երկար պիտի չտեւէ՝ հետեւելով նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի օրինակին: «Հոլանտ պէտք է չմոռանայ, թէ ի՛նչ եղաւ նախկին նախագահին վերջը», յայտարարած է թուրք նախարարը:
«Ազատութիւն» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ռուզան Կիւրեղեան տեղեկացուցած էր, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, պատասխանելով Ֆրանսայի քաղաքացի Արման Մխիթարեանի նամակին, Սեպտեմբերի 4 թուակիր նամակին, նշած էր, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու նոր օրինագիծ ներկայացնելու իր յանձնառութիւնը պիտի կատարէ եւ ներկայիս կ՛ուսումնասիրէ նոր օրինագիծի պարունակութիւնը:
«Ինչպէս գիտէք, Սահմանադրական խորհուրդը վճռած էր, որ ներկայացուած օրէնքի առաջարկը չէր համապատասխաներ Սահմանադրութեան: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է գտնել մէկ այլ լուծում, որ պիտի համապատասխանեցնէ յիշողութեան պարտականութիւնը եւ հանրապետութեան օրէնքները, որպէսզի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ նոր մերժում չըլլայ», գրուած է նամակին մէջ: