ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ով որ կը յանդգնի ըսել, թէ մարդիկ թերթ չեն կարդար, թող հրամմէ՛ «Ասպարէզ» եւ մէկ օր անցընէ խմբագրութեան յարկին տակ ու ականատես վկան ըլլայ, թէ թղթատարական ծառայութեան դիմագրաւած ժամանակաւոր տագնապին հետեւանքով ուշ թերթ ստացողները ինչպիսի՛ ուժգնութեամբ կը բողոքեն, ինչպիսի՛ գունաւոր խօսքերով կը մեղադրեն մեզ, կը մեղադրեն աշխարհը:
Ինչո՞ւ մարդիկ թերթը ուշ կը ստանան այս օրերուն: Նախ պէտք է յայտնենք, որ խմբագրութիւնը՝ ի՛նք ամէնէն շահագրգռուած կողմն է թերթը ժամանակին բաժանորդներուն հասցնելու խնդիրով: Այս առաջադրանքով կազմակերպուած է աշխատանքը եւ ամէն օր, գրեթէ առանց բացառութեան, թերթի պատրաստուած էջերը տպարան կ՛առաքուին ժամը երկուքէն առաջ, յաճախ՝ նոյնիսկ մէկ ժամ առաջ՝ առցանցով, այսինքն՝ վայրկեանական:
Ժամը երկուքին տպարանը կը սկսի տպելու թեթը եւ ժամը չորսին, հասցէագրուած թերթերով տոպրակները կը տարուին կեդրոնական թղթատարական կեդրոն, Լոս Անճելըս, որ մեքենական ձեւով կը բաշխէր տոպրակները՝ ըստ շրջաններու, եւ շրջանային կեդրոններու մէջ էր որ կը կատարուէր թաղամասային բաշխումները: Այս դրութեամբ աշխատած ենք տարիներով եւ թերթի առաքումը կանոնաւորուած կը թուէր ըլլալ, մինչեւ այդ չարաբաստիկ օրը, երբ թղթատարական ծառայութիւնը որոշեց փակել Փասատինայի շրջանային դասաւորման իր բաժինը, այսինքն՝ 910, 911 եւ 912 «զիփքոտ»երու մեր բաժանորդներուն թերթը ժամանակին ստանալու հարցը դարձաւ խնդրական, որովհետեւ Փասատինա, Կլենտէյլ, Պըրպենք եւ Լա Քրեսենթա շրջաններու բնակիչները կախեալ մնացին Լոս Անճելըսի կեդրոնական գրասենեակի աշխատողներու տրամադրութենէն, արթնութենէն ու կամքէն:
Այս հանգրուանին նկատած ենք, որ Լոս Անճելըսի կեդրոնական գրասենեակը կարծես անճրկութեան մատնուած է, տակաւին չէ կրցած ինքզինք պէտք եղածին չափ կազմակերպել, նոր ստեղծուած կացութեան լուծում տալ եւ թաղամասային բաշխումը կանոնաւորել:
«Ասպարէզ»ի աշխատակազմը կը փորձէ օգնել թղթատարական ծառայութեան աշխատողներուն: Ամէն օր խմբագրութիւնը թերթի առաջին էջի նկարը կ՛ուղարկէ ծառայութեան աշխատողներուն, որպէսզի ճանչնան թերթը եւ ուշադրութեամբ վերաբերին անոր: Նաեւ կապուած ենք թղթատարական ծառայութեան պատասխանատուներուն, տեղական եւ աւելի բարձր պաշտօններու վրայ գտնուող պատասխանատուներու, կապուած ենք նաեւ սպառողներու շահը պաշտպանող բաժանմունքին հետ եւ դիմած ենք անոնց օգնութեան: Բոլոր մակարդակներու վրայ խոստացած են ուշադրութիւն դարձնել «Ասպարէզ»ի ցրուումին եւ կանոնաւորել բաշխումը: Գիտենք, որ այսպիսի վիճակներ կրնան երկար տեւել: Ուղղակի կը յուսանք, որ այդքա՛ն երկար չտեւեն ու մեր բաժանորդներուն նեղութիւնը շուտով վերջ գտնէ: Մինչ այդ, դո՛ւք ալ կրնաք օգնել՝ շարունակելով ձեր բողոքները ուղղել՝ ցրուիչէն սկսեալ մինչեւ թղթատարական ծառայութեան կեդրոններ: Սպառողներու շահերը պաշտպանող բաժինի հեռախօսի թիւն է 323-586-1250: Հեռաձայնեցէ՛ք, բողոքեցէ՛ք. բայց, նաեւ մեր խնդրանքն է՝ համբերեցէ՛ք, այս պահն ալ կ՛անցնի եւ ամէն ինչ կը կանոնաւորուի: