ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Եւրոպական խորհրդարանի սաֆարովեան բանաձեւը նուրբ ըսելաձեւերով կը հաստատէ, որ Պաքուն ոչ միայն խաբէութիւն ի գործ դրած է, այլ նաեւ խախտած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած բոլոր վճիռները:
Վեց կէտերէ բաղկացած այս բանաձեւի իւրաքանչիւր կէտի մեկնաբանութիւնը այլ եզրակացութեան չառաջնորդեր: Հետեւինք բանաձեւի կէտերուն եւ փորձենք կեդրոնանալ իւրաքանչիւր կէտին վրայ.
Եւրոպական խորհրդարանը՝
1) Ափսոսանք կը յայտնէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանի մէջ մեծ շուքով ընդունելու, ինչպէս նաեւ անոր գնդապետի կոչում շնորհելու եւ ժամանելուն պէս՝ իր 8 տարուան աշխատավարձի չափով գումար շնորհելու առնչութեամբ:
Բանաձեւի առաջին կէտով Եւրոպական խորհրդարանը կը հաստատէ, որ ներում-հերոսացումի այն արարքը, որուն կը դիմէր նախագահ Ալիեւ, դատապարտելի է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ: Թէեւ այստեղ օգտագործուած եզրոյթը «ափսոսանք» է, այսուհանդերձ դատապարտանքի ուղերձը յստակ է:
2) Կը քաջալերէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շարունակելու հաշտեցման գործընթացը:
Առաջին հայեացքով բաղձանքի սահմաններուն մէջ թուացող այս բանաձեւը տպաւորութիւն կը ձգէ առաջին համեմատաբար խիստ կէտէն ետք հաւասարակշռել մօտեցումը, համահաւասար պատասխանատուութեան դասական մօտեցումը կիրարկելով: Մեկնաբանական դիտարկումը սակայն մտածել կու տայ, որ հաշտեցման գործընթացի վերաձեռնարկման կոչ կատարող այս բանաձեւը խորքին մէջ անուղղակիօրէն կը հաստատէ, որ հաշտեցման գործընթացը խախտած է՝ չըսելու համար, որ կասեցուած: Իսկ նման իրավիճակի գոյառման պատճառը այս պարագային առաջին կէտով արտայայտուած է. հասցէն յստակ է, որուն նկատմամբ «ափսոսանք յայտնուած է իբրեւ մուտք ընդհանուր բանաձեւին:
3) Կը յիշեցնէ, որ Ընկերակցական համաձայնագիրը, որուն ստորագրման շուրջ Ատրպէյճանի հետ ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան կ՛ընդգրկէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման դրոյթներ ու չափորոշիչներ, որոնց պէտք է հետեւիլ:
Համահաւասարեցման մօտեցումը անմիջապէս կտրուկ շրջադարձ կատարած է երրորդ կէտով: Յիշեցումը ուղղուած է Ատրպէյճանին, մարդասպանը հերոսացնող կողմին, որուն դարձեալ կոչ կ՛ուղղուի հետեւելու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող համաձայնագիրին:
4) Կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքեր գործադրելու՝ բարեփոխելու դատական ամբողջ համակարգը, մասնաւորապէս. դատական կարգով հետապնդման, դատավարութեան, դատապարտման, ազատազրկման ու բողոքարկման գործընթացները:
Այս բոլորին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը ճիշդ տեսած է ընդգծելու Ատրպէյճանի իրաւական համակարգի խոցելիութիւնը: Այստեղ յստակ պատասխան կայ նախագահ Ալիեւին, որ Ատրպէյճանի սահմանադրականութեան յարիր կը փորձէր ներկայացնել ներում-հերոսացումի աքթը: Այս բանաձեւով իրաւական համակարգի անորոշութիւնը կը հաստատուի եւ մանաւանդ ոչ հիմնաւոր եւ ոչ իրաւական կը նկատուի մարդասպանը ազատ արձակելու Պաքուի պատճառաբանութիւնը:
5) Կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ ենթարկուելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած բոլոր վճիռներուն:
Այս ընդհանրացումը՝ «բոլո՛ր վճիռներուն», խիստ շեշտադրումներ կը պարփակէ իր մէջ: Պարզ ըսելաձեւով Պաքուն խախտած է Եւրոպական դատարանի կայացուցած մարդկային իրաւունքներու բոլոր վճիռները: Սաֆարովի ներկայ կարգավիճակը չի համապատասխաներ մարդկային իրաւունքներուն վերաբերող Եւրոպական դատարանի որեւէ վճիռին: Այսքան պարզ:
6) Կը յանձնարարէ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի այս բանաձեւը փոխանցէ Եւրոպայի խորհուրդին, յանձնաժողովին, Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան, Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն:
Ուրեմն. պէտք է տարածել այս բանաձեւը Ատրպէյճանին, եւ այն բոլոր կառոյցներուն, որոնց նկատմամբ Պաքուն կ՛իրականացնէ համարկման քաղաքականութիւն եւ այն բոլոր խորհրդարաններուն, որոնց կազմած համագումարներուն եւ խորհուրդներուն մաս կը կազմէ Ատրպէյճանը:
Ճիշդ է, պարտադիր բնոյթ չունի այս բանաձեւը, որ «կո»չերով յագեցած է եւ թելադրանքներ ու յիշեցումներ կը կատարէ: Այսուհանդերձ յստակ է ամբաստանութիւնը, ամբաստանուած կողմը, մարդկային իրաւունքները չյարգողը:
Բանաձեւի նախաբան-հիմնաւորումին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը կը հաստատէ՝
«Եւրոպական խորհրդարանը կը համարէ, որ նախագահ Ալիեւի կողմէ նման կարճ ժամկէտներու մէջ ներում շնորհելը հարցականի տակ կը դնէ Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնելու խնդրագիրի դրդապատճառները, որոնք չեն համապատասխաներ 15 Օգոստոսին Հունգարիոյ ուղղուած՝ Ատրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրովի նամակի բովանդակութեան: Այս հաստատումը շատ պարզ ու յստակ ձեւով կ՛ըսէ, թէ Ալիեւ ստած է:
Քարոզչաքաղաքական փուլէն ետք իրաւաքաղաքական հարթութեան վրայ այս բանաձեւը, հայկական կողմին համար յստակ առաւելներ կը պարփակէ: Այս երկրորդ եւ կարեւոր փուլին համար դրական սկիզբ կարելի է համարել այս բանաձեւի որդեգրումը: Գուցէ՝ պատժամիջոց ապահովելու աշխատանքի համար յղում կատարելիք փաստաթուղթի ամրագրումը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Պէյրութ հրատարկուող «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է