
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի շարք մը այլ եկեղեցիներու շարքին, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցին ենթարկուեցաւ բռնարարքի եւ գողութեան:
Անծանօթներ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին խուժած էին եկեղեցի, քանդած սրբուհի Ռիթայի արձանը եւ պատռած Աստուածամօր, սուրբերու եւ Վերջին ընթրիքի սրբապատկերները:
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեան նշեց, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ առաւօտեան ժամը 8ին պատարագ կը մատուցեն, սակայն երէկ անակնկալի մատնուած են, երբ եկեղեցին գտած են այդ վիճակին մէջ:
Հայր Լուիսեան նշեց նաեւ, որ եկեղեցւոյ մէջ նկատած են, թէ Աստուածամօր սրբապատկերը եւ այլ սրբապատկերներ պատռուած են, Ս. Ռիթայի արձանը քանդուած է, եկեղեցւոյ գանձանակին լումաները չկան եւ նոյնիսկ քահանաներուն զգեստները պատռտուած են:
Հայր Լուիսեան նաեւ յայտնեց, թէ կարելի է նախատեսել, որ այդ արարքը ուղղակիօրէն կապ ունի Պենետիքթ ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան հետ, «ինչպէս նաեւ կրնայ կապ ունենալ Ս. Խաչի տօնին հետ եւ կրնայ ուղղակի սպառնալիք նկատուիլ՝ ծայրայեղականներու կողմէ», աւելցուց ան: