ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսահայերը կը պատրաստուին Փարիզի մէջ բողոքի ցոյցով դիմաւորելու Ատրպէյճանի նախագահը, որ Ֆրանսա պիտի հասնի 18 Սեպտեմբերին: Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դեսպանատան առջեւ տեղի պիտի ունենայ մեծ տարողութեամբ բողոքի ցոյց։ Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան յայտնած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող հայերը, որոնց կարգին ֆրանսաբնակները, չհամակերպուելով Ատրպէյճան-Հունգարիա գործարքի իրողութեան հետ, կը շարունակեն իրենց դժգոհութիւնն ու անհամաձայնութիւնը արտայայտող նախաձեռնութիւնները։
Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին պիտի միանան նաեւ Լիոնի, Մարսէյի եւ այլ քաղաքներու բնակիչներ: Այս նպատակով տրամադրուած են փոխադրամիջոցներ եւ պատրաստուած են ցուցապաստառներ։