Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Երեխաներու արտադասարանային աշխատանքներուն մասին խօսած էինք նախորդ բաժինով: Այսօր, շարունակելով՝ կը մանրամասնենք բոլոր ծալքերը արտադասարանային աշխատանքներուն ու կը խօսինք անոնց բարեբեր օգուտներուն մասին՝ տուեալները յիշատակելով:
– Հիմնական երկու աշխատանք ընտրեցէք.
Ուրեմն նախորդ բաժինով հաստատեցինք, թէ երեխաները անպայման պէտք է հետեւին արտադասարանային աշխատանքներու: Այս թիւով պիտի հաստատենք, թէ քանի՞ հատ եւ որո՞նք պէտք է ըլլան այդ աշխատանքները:
Առաջին հերթին անդրադառնանք թիւին: Երկու թիւը հրաշալի կը համարուի: Երբեմն մարդիկ շատ պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն, ինչ որ ժամանակի ընթացքին խրտչեցնելու կը ծառայէ:
Երեխաները, փոխանակ հաճոյքով յաճախելու տուեալ վայրերը՝ գանգատելով ու դժկամելով կ՛ուզեն փախուստ տալ ամէն անգամ, երբ այդ ժամը հնչէ: Նոյնի՛սկ բանակայիններու պարագային կը հաւատան, թէ միայն երեք պատասխանատուութիւն ստանձնելով՝ յաջողութիւններ կրնան ձեռք ձգել: Հետեւաբար, բանակայիններու պատասխանատուութիւնները այս հիման վրայ տնօրինուած են: Փորձը ցոյց տուած է, թէ երբ հրահանգները կը բարձրանան չորսի, պատասխանատուութեանց ձախողութիւն կը սկսի արձանագրուելու: Եթէ դուք անձամբ ձեր զաւակին երեք պատասխանատուութիւն պիտի յանձնարարէք, հարկ է դպրոցը համարէք առաջինը եւ ապա անոր վրայ աւելցնէք երկու այլ պատասխանատուութիւններ: Եթէ ծովային ուժերու մարզուած զինուորը երեք պատասխանատուութիւն միայն կրնայ յաջողցնել, ապա կը կարծէ՞ք արդեօք, որ դուք եւ ձեր զաւակը աւելին կրնաք:
– Հանդարտ ճանապարհը ընտրեցէք.
Կարգ մը խորհրդատուներու կարծիքին վրայ հիմնուելով կամ շատ հետեւող ծնողներու կարծիքները լսելով՝ կարելի է հաստատել հետեւեալ միտքը. եթէ երեխայ մը հինգ տարեկանին որոշ մարզախաղի կամ արուեստի մը հանդէպ բացառիկ հետաքրքրութիւն չունի, ապա արդէն աւելի ուշ տարիքին ալ պիտի չունենայ զայն:
Ինչպէ՞ս կարելի է ուղղել կարգ մը ծնողներ իմանալու իրենց երեխաներու հետաքրքրութեան մասին, երբ անոնցմէ շատ քիչ տոկոսը իսկապէ՛ս կապ մը ունի այդ մարզին կամ բաժինին հետ: Եօթը տարուան ուսումնասիրական աշխատանք մը, որ կը կրէ «Երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան գտնել իրենց կեանքի կոչումը» խորագիրը եւ կատարուած է 12-26 տարեկան պատանի-երիտասարդներու վրայ, հասած է հետեւեալ կարծիքներուն կամ արդիւնքին.
Տրուած խաւին 20 առ հարիւրը գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ հետապնդել իր կեանքին մէջ որպէս նպատակ. (մեծամասնութիւնը այս խմբակին տակաւին կը մնայ անորոշութեան մէջ). 60 առ հարիւրը փնտռտուքի մէջ է, թէ ի՛նչ կրնան ընտրել որպէս ապագայի մասնագիտութիւն: Սովորաբար երազկոտները եւ անորոշութեան մատնուածները եղած են այն երեխաները, որոնք իրենց պարտականութիւնները եւ երաժշտական փորձերը շատ լաւ եւ արագ կատարած են՝ առանց կամակորութիւններու: Ժամանակի ընթացքին այս երեխաները իրենց ուղղութիւնը պիտի գտնեն, սակայն անոնք, որոնք շատ առիթներ եւ հնարաւորութիւններ ունին, պէտք ունին իրենց ծնողքի ուղղութեան՝ առաջ ընթանալու համար: Այս իմաստով, շատ երեխաներ ժամանակի կը կարօտին փորձառկելու համար իրենց ձգտումները: Կարողութիւննները եւ հետաքրքրութիւնները գիտնալու եւ ճանչնալու համար՝ կարելի է փորձել: Բայց ամէն անգամ փորձով չէ որ կը գիտնանք կամ կը ճանչնանք մեր կարելիութիւնները եւ սիրածները: Երբեմն փորձ պէտք է կատարենք մեր չուզածնե՛րը ճանչնալու համար: Օրինակ՝ մարզական կամ երաժշտական փորձ մը կատարելու սկսաւ ձեր երեխան, եւ ապա յաջորդող քանի մը ամիսներուն հրաժարեցաւ անկէ. երբե՛ք մի բարկանաք՝ մտածելով, թէ «ինչո՞ւ յստակ բան մը չի կրնար որոշել». այլ ընդհակառակը՝ կարեւոր է նաեւ, որ երեխան իմանայ իր չուզածները, որպէսզի ապագային աւելի հեշտութեամբ կողմնորոշուի իր կեանքի ընթացքին:
– Փորձեցէ՛ք եւ ապա կրկին փորձեցէ՛ք.
Մի՛ վարանիք շատ բաներ փորձելէ: Մարտարուեստը, թենիսը, եոկան, աթլեթիք մարզախաղերը, ճիմնասթիքը, ոտնագնդակը, պասքեթպոլը, ձեռնագնդակը, սքիինկը, թատրոնը, գլարինեթը, դաշնակը, ջութակը, կիթարը, պալէն եւ այլ տարբեր հետաքրքրութիւններ փորձելով է որ երեխաները պիտի ճանչնան զանոնք ու իմանան անոնց մասին, ապա պիտի ճանչնան իրենց վիճակը այդ մարզախաղի կամ արուեստի ու երաժշտութեան իրականութեան մէջ:
Փաստօրէն, մինչեւ որ չկարենամ փորձել որոշ աշխատանքեր, պիտի չկարենամ որոշել զգացումներս կամ ուղղութիւնս այդ մասնագիտութեան նկատմամբ: Անշուշտ հարկ է յիշեցնել, թէ մարդ ամէն փորձածը պայման չէ սիրէ եւ անշուշտ նաեւ եթէ չփորձէ, չի կրնար իմանալ, որ ինք այդ մարզին ատա՞կն է, թէ ոչ:
Որեւէ հետաքրքրութիւն իրականութեան ու սեփականութեան վերածուելու համար, երեք հանգրուաններէ պէտք է անցնի: Առաջինը՝ անգիտակից վիճակն է, երբ տեղեակ չես, թէ ո՞րն է չիմացածդ: Երկրորդը՝ գիտակից անկարողութիւնը, երբ դուն գիտես, թէ այս մէկը անհնարին է ու դժուար է զայն իրականացնելը: Երրորդը՝ գիտակցուած կարելիութիւնը, երբ անհատը ամէն հոգիով ու կամքով կ՛որոշէ իրականացնել կամ կատարելագործել որոշ աշխատանք մը, ինչպէս՝ յարատեւ փորձով կիթառ նուագելը:
Երեխաներէն շատեր, երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններուն միջեւ կը հրաժարին որոշ աշխատանքներէ: Հոգ մի ընէ՛ք. երբեմն ետ կը դառնան այդ աշխատանքին եւ այդ ժամանակ՝ ամբողջական նուիրումով:
Ուրեմն, առիթ տուէք ձեր երեխային, որ նախ փորձէ, եւ ժամանակ տուէք, որ հանդարտ մտածէ, ապա յանգի այն որոշումին, թէ ինք ո՛ւր պիտի հասնի եւ ի՛նչ է իր ուզածը: