ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աստուածային գիտութեան անսխալական մէկ արտայայտութիւնն է այս, որ Յիսուսի բերնով հաստատուեցաւ պատմութեան ընթացքին, երբ երկնային փառքէն խոնարհած, մարդոց «լեզուով» ուզեց բացատրել Ան, արդէն իսկ մարդուն փորձառութեան մէջ նկատուող բազմաթիւ երեւոյթներ:
Վստահաբար մարդը գիտակցած էր, թէ սահմանափակ են իր կարողութիւնները, եւ չի՛ կրնար բազմաթիւ ուղղութիւններով ծաւալել իր աշխատանքները: Սա չի՛ վերաբերիր գործի ասպարէզին, որովհետեւ նոյն անձը կրնայ միաժամանակ տարբեր գործառնութիւններ ստանձնել: Սակայն անձնական փոխ-յարաբերութիւնը, որ փոխադարձ սիրոյ կամ յարգանքի ու պատկանելիութեան վրայ հիմնուած կ՛ըլլայ, չի՛ կրնար բազմաթիւ ուղղութիւններով ընթանալ: Մարդկային սիրտը այնքան ատեն որ մաքուր է իր խորհուրդներով, առողջ է ու՝ հաւասարակշռուած գիտակցութեամբ, չի՛ կրնար շփոթութեան մատնուած մնալ, այլ՝ անմիջապէս կը կողմնորոշուի: Մէկ խօսքով, սիրտի ուղղադատ կշիռքին մէկ նժարը, անպայման միւսէն աւելի ծանր պիտի կշռէ:
Նոյնիսկ ծնողական սէրը, որ բազմաթիւ ծնունդներու պարագային մէկէ աւելի անձերու վրայ կը սփռուի, յաճախ տեսնուած է՝ որ համահաւասար չի՛ բաշխուիր: Միշտ կը տարուբերի մէկ զաւակէն միւսը, եւ կամ՝ վերջնական տարբերութիւններով կը տպաւորուի ծնողական սիրտին մէջ: Ասոր պատճառներ կրնան տալ մարդիկ: Բնականաբար ծնած վայրկեանէն այդ տպաւորութիւնը չըլլար, սակայն նոյնիսկ երկուորեակ կամ եռեակ ու քառեակ ծննդաբերութեանց պարագային, տեսնուած է որ հետագային ծնողներ զատողութիւն դրած են իրենց զաւակներուն միջեւ: Տրուած բացատրութիւնները յաճախ արդարացուցիչ են, սակայն Աստուծոյ աչքին յանցանք կը նկատուին, որովհետեւ ծնողը այս երկրի վրայ Աստուծոյ ծնողական դերը ստանձնած զոյգն է՝ գուրգուրալից, հոգատար, համբերատար վերաբերումով, ու իր ծնած զաւակներուն նկատմամբ համահաւասար սիրով:
Աւետարանին մէջ, Յիսուսի մտածողութիւնը այս մասին կատարեալ յստակութիւն կը բերէ: Ամբողջական նուիրում պահանջող ծառայութիւնները երկու ուղղութիւն չեն կրնար ունենալ: Մարդ «կա՛մ մէկը պիտի սիրէ ու միւսը ատէ, կա՛մ մէկը մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ» (Հմմտ Մտ 6.24):
Հոգեւորի ու մարմնաւորի, կամ՝ հոգեղէնի ու նիւթեղէնի, եւ կամ՝ երկնաւոր ու երկրաւոր արժէքներուն ծառայութիւնները ամբողջական նուիրում կը պահանջեն: Կարելի չէ՛ երկուքին միատեղ ծառայութիւն մատուցել: Ասիկա կը ճշմարտուի մանաւանդ ընկերային կեանքի մէջ, դառնալով ձախող հսկայ երեւոյթ: Կան ոմանք, որոնք ամբողջական նուիրում կը խոստովանին Երկնաւորին, թախանձագին կը պաղատին ամէն օր հոգեւոր աճումի համար, ձեւական յայտագիրներով կ՛օրօրեն ու իրենց հանգստաւէտ «ծոց»ին մէջ կը քնացնեն բազմութիւններ, մինչ իրենց առօրեայ ներքին կեանքով ո՛չ մէկ առնչութիւն կը ցուցաբերեն հոգեւորին հետ: Այստեղ աստուածային արժէքները կը դառնան պարզապէս շահու աղբիւրներ: Աստուածաշունչի ուսումը ամէնէն աւելի զգայուն կէտը ու խոցելի երեւոյթը կը դառնայ այս պարագային, երբ զայն ուսուցողին կողմէ առօրեայ կեանքի չեն վերածուիր անոր մէջ արձանագրուած երկնային պատուիրանները: Քարոզի սահմանները շատ նեղ ու սահմանափակ կ՛ըլլան անոնց համար, որոնք չե՛ն հաւատար իրենց քարոզածին: Մինչդեռ հաւատքով արտասանուած խօսքը անսահման ժամանակով կը թռչի, ու անպարագիծ ըլլալով՝ կ՛երեւի ամէն հորիզոնի վրայ: Աստուածապաշտութեան երեւոյթը զգենալու տագնապով բռնկած հոգիները, պէտք է յստակ ուղղութիւն ունենան: Տիրոջ պատուէրը յստակ է՝ կարելի չէ՛ երկու տէրերու ծառայել…: Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ աստուածապաշտ ըլլալու ցանկութիւն արտայայտել, ամէն օր այդ մասին հրապարակային խոստովա նութիւններ կատարել, վկայութիւններ հաւաքել ու թանկ ծախել, բարեպաշտական արարքներ իրագործել յաչս հանրութեան, սակայն չդադրիլ սուտը իբրեւ ճշմարտութիւն հրապարակելէ, բամբասանքը առօրեայ հացի փոխարէն ծամելէ, ու նմանին վարկին ու համբաւին կրակ տալէ:
Անձնական շահամոլ վարքի, փառասիրութեան ու եսասիրութեան մոլութիւնները հեռու են աստուածապաշտութիւն ըլլալէ, այնքան ինչքան հեռու են իրարմէ երկինքն ու երկիրը: Աղօթքը, բարեպաշտութիւնը, Երկնաւորին հանդէպ պաղատագին ծնրադրութիւնները, միայն խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ արժէք կը ստանան: Այլապէս ատոնք անարժէք ու սին խաբկանքներ են, որոնք ինքնախաբէութիւն են նախ, «զԱստուած խաբել» ըլլալէ առաջ: Ձեռքեր տարածելով աղերսագին պաղատանքները, կամ աղօթաժողովներու ընթացքին ասոր ու անոր հասցէին իբրեւ թէ աղօթքներ ուղարկելը, փոշեցանումի ապարդիւն գործեր կը դառնան, երբ հաւատքով չեն կատարուիր: Բայց այդ փոշին միայն մարդոց աչքին կարելի է փչել: Աստուծոյ աչքը անմարմին է, փոշիէն չ՛ազդուիր, ո՛չ ալ կը կուրնայ: Անոր յաւիտենական տեսողութեան դիմաց, Վերջին Դատաստանը ուրուագծուած է արդէն: Իսկ այդ ատեն ո՞ւր պիտի փախչին երկու տէրերու ծառայելու դերեր ստանձնած ողորմելիները արդեօք…: Ո՞ր մէկ հեքիաթային գորգին վրայ պիտի ծնրադրեն որ զիրենք կարենայ բարձրացնել մինչեւ եօթներորդ երկինք, կամ ո՞ր մէկ լերան վրայ բարձրացած պիտի երկրպագեն, աշխարհին ցոյց տալու համար իրենց բարեպաշտութիւնը: Ամէն ինչ իր վախճանը պիտի ունենայ, այլապէս անվերջանալի կծիկը երկուութեան այս պարանին, դեռ շատերու վիզին պիտի անցուի իբրեւ մահու սեան չուան:
Կա՛մ հոգեւոր եղիր, կամ՝ մարմնաւոր, այս բառերուն շրջանառութեան մէջ եղող նորօրեայ ծիծաղելի իմաստներով: Ո՛չ ոք կը պահանջէ քեզմէ այսօր, որ հոգեւոր ըլլալու պարագային երկնային հրեշտակի կերպարանք ստանաս: Թէեւ իսկական հոգեւորներու պարագային նման փորձառութիւններ արձանագրուած են: Այդպէս կը վկայէ Առաքեալներու Գործերը ներկայացնող գիրքը, ուր կ՛ըսուի, թէ Նախավկայ Ստեփանոսը դատող հրէական «ատեանին մէջ նստողները իրենց հայեացքը Ստեփանոսի դարձուցին եւ տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր» (Հմմտ Գրծ 6.15): Ստեփանոս ճիգ չթափեց հրեշտակի կերպարանք ստանալու, բնա՛ւ: Բռնազբօս ո՛չ մէկ շարժում կատարեց ան, համոզելու նոյնիսկ իր հակառակորդները, թէ ինք իսկապէ՛ս համոզուած է իր քարոզած ճշմարտութիւններուն: Այդ համոզումը իր հոգիին խորը խարանուած էր Սուրբ Հոգիին այրող կրակովը, որ միայն կարող է մաքրել կեղծիքն ու ստախօսութիւնը, շողոքորթութիւնն ու զրպարտութիւնը, սուտն ու քսութիւնը, նամանաւանդ աղօթող անձ ըլլալու խոստովանութիւններ ընող մարդոց հոգիէն:
Աղօթական կեանքը կը խորշի ձեւականութենէ, եւ ամէնէն խոնարհ վիճակներուն հետամուտ կ՛ըլլայ ծածկելու համար այն հոգեւոր ապրումը, զոր երկնաւոր Հօր հետ զրոյցի ճամբով իբրեւ հոգեկան բաւարարութիւն եւ իղձերու կատարում կը ստանայ հաւատացեալ մարդը…: Իր սեփական փորձառութեան մասին ուսոյց երկնաւոր Վարդապետը, երբ թելադրեց սենեակի մէջ առանձնանալ եւ ծածուկ աղօթել (Հմմտ Մտ 6.6), այնպէս ինչպէս Ի՛նք առանձնացած Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ մատնութեան տխուր գիշերը (Հմմտ Ղկ 22.41): Խորշի՛ր երկու տէրերու ծառայողներէն, եւ աղօթէ՛ անոնց հոգեկան փրկութեան համար: