
Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 20ին հաղորդեց, թէ Սեպտեմբեր 15ին աւարտած շաբթուան ընթացքին, անգործութեան ապահովագրութենէն առաջին անգամ ըլլալով նպաստ ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը 3000ով նուազ եղած է, քան նախորդ շաբաթ, սակայն 382,000ի հասնող դիմումները կը շարունակեն բարձր նկատուիլ: Նման դիմումներու չորսշաբաթեայ միջինը 377,750 է, ինչ որ Յունիս 30էն ի վեր ամենաբարձրն է: