
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» երգիծական ամսագիրը վաճառքի մրցանիշ հաստատեց, որովհետեւ իր նորագոյն թիւին մէջ հրապարակած է Մուհամմատ մարգարէի վերաբերեալ ծաղրանկարներ: Ամսագիրի կողքին վրայ ներկայացուած է ծայրայեղ ուղղափառ հրեայ մը, որ հաշմանդամի յատուկ կառքի վրայ փաթթոցաւոր կերպար մը կը հրէ եւ երկուքը մէկ կ՛ըսեն. «Պէտք չէ ծաղրես»: Ծաղրանկարները տեղադրուած են ամսագիրի կողքին ու վերջին էջին վրայ. անոնք նուիրուած են իսլամական աշխարհի զայրոյթը յառաջացուցած ամերիկեան «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին:
Ըստ ամսագիրի խմբագիր Սթեֆան Շարպոնիյէի՝ այդ ծաղրանկարները «պիտի վիրաւորեն զգացումները անոնց, որոնք կ՛ուզեն վիրաւորուած զգալ»:
Այս առթիւ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «մտահոգ» է: Ան հրամայեց աշխարհի տարածքին գործող ֆրանսական դեսպանատուներուն՝ ապահովական միջոցառումները ամրապնդել: Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21ին, աշխարհի տարածքին շուրջ քսան երկիրներու մէջ ֆրանսական դեսպանատուները, հիւպատոսարանները, մշակութային կեդրոններն ու դպրոցները փակ պիտի մնան՝ առ ի զգուշութիւն:
«Շարլի Հեպտօ» թերթը հաստատեց, որ իր կայքէջը յարձակումի ենթարկուած է, մինչ խռովարարներու դէմ պայքարող ոստիկանութենէն յատուկ ուժեր, Փարիզի մէջ ամսագիրի գրասենեակին առջեւ տեղակայուեցան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ, Ֆրանսայի վարչապետ Ժան Մարք Այրօ յայտարարեց, թէ «խօսքի ազատութիւնը Ֆրանսայի գլխաւոր սկզբունքներէն է», ինչպէս են նաեւ աշխարհիկ կարգերու պահպանութիւնը եւ կրօնական համոզումներու յարգանքը: «Ահա թէ ինչո՛ւ, ներկայ պարունակին մէջ վարչապետը որեւէ չափազանցութեան մը իր մերժումը կ՛ուզէ յայտնել», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի իսլամ ղեկավարները զսպուածութեան կոչ ուղղած են: Փարիզի մեծ մզկիթի իմամ Տալիլ Պուպաքըր ըսած է, որ ծաղրանկարներուն հրապարակումը «ամօթալի, ատելի, անօգուտ եւ անմիտ գրգռութիւն է»: Նշենք, որ իսլամական կրօնը կ՛արգիլէ Մուհամմատ մարգարէի դիմանկարները ներկայացնել: Մինչ այդ, Ֆրանսայի վարչապետը արգիլեց Շաբաթ օր կայանալիք «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ բողոքի նոր ցոյց մը: Անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ առանց արտօնագիրի նմանօրինակ ցոյցի մը ընթացքին, 152 ցուցարարներ ձերբակալուած էին եւ վեց ոստիկաններ վիրաւորուած:
Հինգշաբթի օր, իսլամական աշխարհին մէջ շարունակուող ցոյցերէն մեծագոյնը տեղի ունեցաւ Փաքիստանի մէջ, ուր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներուն պատճառով, առնուազն 50 հոգի վիրաւորուեցաւ:
Նաեւ, ընդառաջելով «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչին՝ Չորեքշաբթի յետմիջօրէին, «Հըզպալլա»ի եւ «Ամալ» շարժումի բազմահազար հետեւորդներ, հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին մէջ մասնակցեցան բողոքի ցոյցի մը՝ բողոքելով իսլամական կրօնը եւ Մուհամմատ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամութեան անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ: