
Ս. Թադէի վանքի շրջակայքը գտնուող հինգ մատուռներէն Ս. Նահատակին մէջ, Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբերին միւռոնով օծուեցաւ նորակառոյց խորանը, ապա մատուցուեցաւ ուխտի Ս. պատարագ:
Մատուռը կառուցուած է Յիսուսի 12 առաքեալներէն Ս. Թադէոսի նահատակութեան վայրը հանդիսացող հսկայ ժայռին կողքին, որ դարեր շարունակ ուխտավայր եղած է հայ ժողովուրդին համար: Անկէ 100 մեթր հեռաւորութեամբ ալ կը գտնուի աւելի փոքր չափի «Գլուխը ծածկած Ս. Աստուածածին» անունով մատուռը:
1650ական թուականներուն կառուցուած է Ս. Նահատակ մատուռը, Մկրտիչ եպիսկոպոս Մակուեցիի վանահայրութեան օրերուն, այն վայրին մօտ, «որ է տեղի նահատակութեան սրբոյ առաքելոյն Թադէոսի», ինչպէս կը գրէ Առաքել Դավրիժեցի պատմիչը: 1711ին վերանորոգուած է մատուռը, Ուստա Յովսէփի ձեռքով, որ գեղահիւս խաչ քանդակելով արտաքին հարաւային պատի լուսամուտին ներքեւը՝ անոր վրայ կը գրէ եւ կը խնդրէ կարդացողներէն, որ «ողորմի» ըսեն իրեն:
Խորանի օծումը կատարեց եւ պատարագը մատուցեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը՝ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով մատուռի պատմութեան եւ հայ քրիստոնէաներուն համար անոր ներկայացուցած մեծ արժէքին: Ս. պատարագի ընթացքին յիշատակուեցան եկեղեցաշէն վանահայր Մկրտիչ եպս. Մակուեցին եւ վերանորոգող վարպետ Յովսէփը:
Մինչեւ երեկոյ Ս. Թադէի վանքը վայելելէ ետք, առաջնորդը վերադարձաւ Թաւրիզ: