
ՓԱՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Փարիզի ատրպէյճանական դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ ընկերակցութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ, Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութեան առթիւ:
Հարիւրաւոր ցուցարարներու կողքին ցոյցին կը մասնակցէին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ Վալերի Պուայէ, որոնք խօսք առնելով դատապարտեցին Ատրպէյճանի կեցուածքը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին մեր պայքարին: Խօսք առին նաեւ Արա Թորանեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Հրաչ Վարժապետեան եւ Մուրատ Փափազեան:
Խօսք առնողները անդրադարձան Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ներման եւ ազգային հերոսի կոչման շնորհման, դատապարտելով ու անընդունելի բնորոշելով այսպիսի կեցուածք: Անոնք քննադատեցին Ալիեւի Փարիզ այցելութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ ընդունելութիւնը:
Ժողովուրդը կը վանկարկէր «Ֆաշի՛ստ Ալիեւ, դու՛րս Ֆրանսայէն» եւ այլ բողոքի լօզունգներ, իր զայրոյթը արտայայտելով Ալիեւի այցելութեան եւ Ֆ. Հոլանտի կողմէ ընդունելութեան դէմ:
Պարզուած էին նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ կարելի էր կարդալ «Ալիեւ՝ բռնապետ», «Ֆրանսան կ՛ընդունի մարդասպան մը, արդարութիւնը ծախու չէ», «Գուրգէն Մարգարեան սպաննուեցաւ ցեղապաշտութեան կողմէ» եւ այլ նման գրութիւններ:
Փարիզի մէջ, նոյն օրը, եւրոպական զանազան քաղաքներէ հաւաքուած շուրջ 150 ազերիներ, հակահայկական ցոյց մը կատարեցին, Սերժ Սարգիսեանը մարդասպան պիտակող պաստառներով:
Նոյն օրը, Էլիզէի պալատին մէջ, Ալիեւ ընդունուած էր նախագահ Հոլանտի կողմէ, լուսարձակներէ հեռու: Լրագրողներու եւ լուսանկարիչներու մուտքը արգիլուած էր: Ընդունելութիւնը տեւած էր հազիւ կէս ժամ, որուն ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղած էր Ալիեւին՝ «Հայաստանի հետ վերահաստատելու վստահութեան մթնոլորտը, որպէսզի կարելի ըլլայ ԼՂ հարցով բանակցութիւնները յառաջ տանիլ, ԵԱՀԿի խումբի շրջանակէն ներս»: