ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Քրոսրոտ»ը քրիստոնէական շարժապատկեր մըն է՝ ներումի եւ փրկութեան մասին, որ Հոկտեմբեր ամսուն հրապարակ պիտի իջնէ թատերասրահներուն մէջ։ Այս բացառիկ ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին։
Շըրվին Եուսէֆեանի հեղինակած «Քրոսրոտ» ֆիլմը արժանացած է հինգ «Աղաւնի» մրցանակներու՝ հաւատքի իր պատգամին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան եւ ընկերային արժէքներու պաշտպանութեան համար:
Այս շարժապատկերը ուշադրութիւնը գրաւած է «Նիւ Տէյ» հաստատութեան, եւ պիտի ցուցադրուի Աւստրալիոյ, Ափրիկէի, Նիւ Զելանտայի, եւ Գանատայի մէջ։ Անոր ծանուցումը կարելի է դիտել http://youtu.be/5FrWTvrSU4I կայքէջէն:
Տեղեր ապահովելու համար, 12 տոլարնոց մուտքի տոմսերը կարելի է գնել www.alextheatre.org կայքէն կամ թատերասրահի մուտքին։ Կարելի է նաեւ դիմել shervinyoussefian@gmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.