
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Արհեստավարժներու ցանցը կազմակերպած է իր առաջին ընկերային շաբաթավերջը, որ տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի «Վընիշըն» պանդոկին մէջ, Հոկտեմբեր 5-7:
Նախաձեռնութեան նպա-տակն է ի մի բերել Միացեալ Նահանգներու տարածքին ապրող հայ արհեստավարժները, պատուել համայնքի գործիչները եւ առիթ ընծայել ներկաներուն մօտէն ծանօթանալու քոնկրեսական թեկնածու Տենի Թարխանեանին:
Շաբաթավերջին առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ օր, պանդոկին «Թաու» սրահին մէջ, իսկ Շաբաթ օր պանդոկին լողաւազաններուն մէկ յատուածը պիտի յատկացուի ձեռնարկին մասնակիցներուն, իսկ Շաբաթ գիշեր տեղի պիտի ունենայ պարահանդէսը:
Պանդոկին եւ օդանաւային ընկերութեանց հետ ձեռնարկին մասնակիցներուն համար կարելի եղած է յատուկ գիներ ապահովել:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար այցելել www.ancadestination.com կայքը: