
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին, Հալէպի օդակայանէն դէպի քաղաք տանող ճամբուն վրայ հայ երիտասարդ մը վիրաւորուած է. այս մասին հաղորդեց Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ կրակ բացուած է օդակայանէն դէպի Հալէպ քաղաքը ճամբայ ելած երեք ինքնաշարժներու վրայ: Վիրաւորուած հայ երիտասարդը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ այժմ բժիշկներու հսկողութեան տակ է: Ըստ Ռէյիսեանի՝ անոր վիճակն այլեւս մտահոգիչ չէ:
Յիշեցնենք, թէ Սեպտեմբեր 11ին տեղի ունցած էր նման միջադէպ մը, որուն հետեւանքով սպաննուած էին չորս հայորդիներ:
Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր վիճակին մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան կը յայտնէ, թէ Հոկտեմբեր 3ի առաւօտեան տեղի ունեցած են երեք ուժգին պայթումներ, որոնցմէ ետք քաղաքը խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուի եւ լարուածութիւն կը տիրէ ամէնուրեք: Աւելի քան 30 զոհ խլած պայթումներու զոհերուն ինքնութիւնները տակաւին չեն պարզուած եւ տեղեկութիւններ չկան, թէ արդեօք անոնց մէջ հայեր կա՞ն, թէ ոչ:
Միւս կողմէ՝ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. վարչութիւնը, Հալէպի Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան արձանագրութիւնները դիւրացնելու համար, հաստատած է միացեալ կեդրոն մը՝ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը, ուր իւրաքանչիւր վարժարան ունի յատուկ գրասենեակ մը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ հայկական դպրոցները իրենց դռները բացած են արդէն: