
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ գաղթականութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուող «Հայրենակիցներ» ծրագիրը կը մտահոգէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը։ 3 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ օրէնսդիր-գործադիր մարմիններուն միջեւ քննարկումի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ դիտել տուած է, թէ այս հարցին շուրջ քննարկումներ կատարուած են ռուս գործընկերներուն հետ՝ բոլոր ատեաններուն մէջ, նաեւ՝ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերուն ընթացքին: «Մենք մեր յստակ դիրքորոշումը յայտնել ենք: Դա յայտնի է Ռուսաստանի քաղաքական ղեկավարութեանը: Հայաստանում «Հայրենակիցներ» ծրագիրն այլեւս չի գործի: Հայաստանի Հանրապետութիւնում նման գործունէութեան կազմակերպումն անթոյլատրելի է», դիտել տուած է վարչապետը:
Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող «Հայրենակիցներ» ծրագիրին նպատակն է նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին բնակող մասնագէտներուն քաղաքացիութիւն տրամադրել, բնակարանով ու աշխատանքով ապահովել ու զանոնք եւ անոնց ընտանիքները Ռուսիա տեղափոխել։
Վարչապետը դիտել տուած է նաեւ, որ ընթացիկ տարուան 12 Հոկտեմբերին հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Անոր համաձայն, վերոյիշեալ հարցին վերաբերող նախագիծեր կը պատրաստուին, որպէսզի հայկական կողմը իր դիրքորոշումը արտայայտէ։ «Ռուս գործընկերները մեր փաստարկներն ընդունում են: Սովորական միգրացիոն (գաղթի-Խմբ.) գործընթացների կազմակերպման հարցում մենք կը գանք ընդհանուր եզրակացութեան, սակայն Հայաստանից արտագաղթ կազմակերպելն անթոյլատրելի ենք համարում», նշած է վարչապետը: