ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Աւան եւ Նոր Նորք համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, սկզբունքով, 3 Հոկտեմբերին պէտք է կայանար «Հարսնաքար»ի դատի վերաբերող նիստը, սակայն անիկա երկրորդ անգամն ըլլալով յետաձգուեցաւ:
Այս անգամ եւս տուժող կողմէն ոչ ոք ներկայացած էր նիստին, ոչ իսկ՝ Վահէ Աւետեանի իրաւայաջորդ Գառնիկ Աւետեանը:
Մեղադրեալներէն Արման Բաղդասարեան դատարանին յայտնած է, որ կ՛ուզէ ունենալ նոր փաստաբան՝ Վաղարշակ Գէորգեանը, իսկ ներկայի փաստաբան Յովհաննէս Բաղդասարեանի ծառայութիւններէն կը հրաժարի:
Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, թէ արդեօք դիտաւորութիւն կա՞յ նիստի յետաձգման մէջ: Գառնիկ Աւետեանի իրաւապաշտպան Լուսինէ Յակոբեանը պատասխանած է, որ ամբաստանեալները 6 հոգի են, նման հարցեր կրնան ըլլալ: Ան աւելցուցած է, որ այս դատը հանրութիւնը մեծապէս հետաքրքրող եւ շուտափոյթ լուծում պահանջող թղթածրար է:
Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 10 Հոկտեմբերին՝ ժամը 14:30ին (երեւանեան ժամանակացոյցով):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.